ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, Սեպահաթ Թունճել եւ Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր, որոնք քրտական հարցի լուծման գործընթացին զօրակցութիւն գտնելու նպատակով շրջապտոյտի ձեռնարկած էին դէպի սեւծովեան նահանգներ, Երեքշաբթի, Փետրուար 19ին ստիպուեցան ընդհատելու իրենց այդ ծրագիրը, որովհետեւ բողոքի ցոյցերով դիմաւորուեցան՝ յայտնի դարձնելով, որ այդ նահանգներու ժողովուրդը տակաւին պատրաստ չէ «մարսելու» քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութեանց ծրագիրը: Արդարեւ, Սինոփիի եւ Սամսունի մէջ ցուցարարներու այս վերաբերումը պատճառ դարձաւ, որ պատուիրակութիւնը ընդհատէ շրջապտոյտը եւ չերթայ Տրապիզոն։
Քիւրքճիւ ըսաւ, որ ինք կ՛ուզէր առանց որեւէ արգելքի խօսիլ ժողովուրդին հետ, բայց տեսած է, որ արգելքներ կան տակաւին։ «Պէտք է ծրագրենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ջնջել այդ արգելքները», աւելցուց Քիւրքճիւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.