ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Շաբաթ, Փետրուար 23էն Մարտ 4ի միջեւ, յայտնի հայագէտ ու գրական քննադատ փրոֆ. Մարկ Նշանեան դասախօսութեան շարք մը պիտի մատուցէ Քալիֆորնիյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
Փետրուար 23ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ Բաղդատական գրականութեան բաժանմունքին կազմակերպած երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին, կ.ա. ժամը 11:15էն մինչեւ կ.ե. ժամ 12:45:
Փետրուար 25ին, ան հայերէնով պիտի ներկայացնէ »Լորտ Պայրըն Վենետիկի մէ«ջ նիւթը, »Ռոյս« շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 4-6: Սոյն ձեռնարկը հովանաւորուած է համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներ եւ մշակոյթներ բաժանմունքի Հայկական ծրագիրին կողմէ:
Մարտ 1ին, ան անգլերէնով սեմինար պիտի ներկայացնէ Բաղդատական բաժանմունքի թիւ 360 սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 1էն 3, նիւթ ունենալով »Մորիս Պլանշօ եւ իր »Օր-ցերեկուան խելագարութիւն«ը«:
Մարտ 1ին, ան հայերէնով սեմինար մը պիտի տայ Բաղդատական բաժանմունքի թիւ 360 սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 1էն 3, նիւթ ունենալով »Յակոբ Օշական՝ Չանղըրըի բանտին մէ«ջ: Այս մէկը եւս հովանաւորուած է Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի Հայկական ծրագիրին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.