
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Զարեհ Սինանեանի ընտրապայքարին: Ինչպէս հաղորդած էինք՝ Սինանեան իր թեկնածութիւնը դրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն:
»Զարեհ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններուն մէջ զաւակ ունեցող ծնողք մըն է, որ լաւապէս կը գիտակցի հանրային կրթական մարզի կարեւորութեան«, կ՛ըսէ Փորթանթինօ՝ յիշեցնելով, որ Սինանեան արդէն իսկ շրջանին մէջ քաղաքական փորձառութիւն ապահոված է:
Սինանեան եւ Փորթանթինօ իրենց քաղաքական կեանքին մէջ միշտ նեցուկ կանգնած են թափանցիկութեան, ինչպէս նաեւ զօրակից են զբօսայգիներու պահպանման: Փորթանթինոյի նման, Սինանեան եւս իրարու հակադիր կեցուածքներ որդեգրած քաղաքական գործիչներու միջեւ արդիւնաբեր միջնորդի դեր կատարած էր, երբ ստանձնած էր Կլենտէյլի Համայնքային զարգացման յատկացումներու խորհրդակցական յանձնախումբի ատենապետութիւնը:
Սինանեան իրեն համար պատիւ մը նկատեց Փորթանթինոյի այս որոշումը՝ խոստանալով քաղաքի տնտեսական ու ընկերային պայմանները բարելաւել, եթէ քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ ընտրուի: