
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի եւս, Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը պիտի հաստատուի »Լոս Անճելըս Թայմզ« օրաթերթի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 23-24ին, Լոս Անճելըսի »Convention Center«ին մէջ:
Հակադարձելու համար Ատրպէյճանի այն սպառնալիքներուն, թէ ան պիտի զգետնէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը՝ ցուցահանդէսին մասնակցիները լուսարձակի տակ պիտի առնեն Արցախի եւ Հայաստանի բնական գեղեկցութիւնն ու հոն այցելելու տարբեր կարելիութիւնները՝ աւելի մեծ թիւով զբօսարշիկներ հիւրընկալելու նպատակով:
Կրպակին մէջ լուսարձակի տակ պիտի առնուի նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելելու մասին նորագոյն ուղեցոյցը, որ պատրաստուած էր Մեթիու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ:
Հայաստանի կառավարութեան ազգային մրցունակութեան հիմնարկը, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը եւ Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը կը հովանաւորեն այս աշխատանքը:
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1201 South Figueroa Street, Los Angeles, CA 90015. Հայաստան-Արցախ միացեալ կրպակին թիւն է 1225: