
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լեարդի յաճախակի հիւանդութիւններն են.
Ա. Ժահրային Սուր Լեարդաբորբ (acute viral hepatitis).
Ժահրային սուր լեարդաբորբը կը զարգանայ հինգ տեսակ ժահրերու միջոցաւ.
ա. Hepatitis A (HAV).
Լեարդի այս բորբոքումը ամէնէն յաճախկին է եւ անիկա առաւելաբար կը պատահի երեխախներու եւ անչափահասներու մօտ: Անոր թխսաւորումը (incubation) կը տեւէ 15-45 օր, իսկ փոխանցումը կ՛ըլլայ բերանի հեղուկներու եւ կղկղանքի միջոցաւ: Այս լեարդաբորբը առաւելաբար կը տեսնուի այն խմբաւորումներուն մօտ, որոնք.
1. Վատ առողջապահական վայրերու մէջ կ՛ապրին.
2. Ոչ-առողջապահական ջուր եւ սննդանիւթեր կը սպառեն.
3. Համաճարակներու մէջ կ՛ապրին.
4. Ոչ-զարգացած երկիրներու մէջ կը գտնուին:
Այս տեսակ լեարդաբորբը մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի չի վերածուիր:
բ. Hepatitis B (HBV).
Անիկա լեարդաբորբի ամէնէն վատը, դժուարագոյնը եւ խրթինն է: Անիկա լեարդաբորբերու երկրորդ ամէնէն շատ պատահած տեսակն է: Թխսաւորումը կը տեւէ 40-180 օրեր: Լեարդաբորբը ուրիշին կը փոխանցուի առաւելաբար արեան ճամբով՝ վարակուած արեան փոխներարկումով եւ թմրեցուցիչ գործածողներու սրսկումի ասեղներով: Փոխանցումը կրնայ ըլլալ նաեւ սեռային յարաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ մօրմէն իր զաւակին յղութեան շրջանին: HBV լեարդաբորբը աւելի շատ կը պատահի հիւանդանոցներու անձնակազմերուն մօտ եւ այն հիւանդներուն, որոնք ասեղներով յաճախակի սրսկում կը ստանան: Անիկա կրնայ վերածուիլ մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի եւ ենթակաները կը նկատուին կրողներ (carriers), որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութեան տարածման:
գ. Hepatitis C (HCV).
Այս լեարդաբորբի թխսաւորումը կը տեւէ 20-120 օր:
Անոր փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ արեան ճամբով՝ վարակուած արեան փոխներարկումով եւ թմրեցուցիչ գործածողներու սրսկումի ասեղներով, դաջուածքի (tattoo) միջոցաւ եւ շատ քիչ պարագաներուն սեռային յարաբերութեամբ:
դ. Hepatitis D (HDV).
Այս լեարդաբորբը կը պատահի շատ քիչ եւ ընդհանրապէս HBV բորբոքումով միասին: Անոր փոխանցումը կ՛ըլլայ արեան ճամբով. իսկ թխսաւորումը կը տեւէ 30-180 օր:
ե. Hepatitis E (HEV).
HEV լեարդաբորբի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ կղկղանքի միջոցաւ: Իսկ անոր թխսաւորումը կը տեւէ 15-60 օր:
HBV սուր լեարդաբորբի պարագաներուն 10 տոկոսը եւ HCV-ի պարագաներուն 75 տոկոսը կը վերածուին մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի: HAV եւ HEV սուր լեարդաբորբերը մնայուն լեարդաբորբի չեն վերածուիր: Շատ մը պարագաներու երկարատեւ լեարդաբորբի պատճառը կը մնայ անյայտ:
Սուր լեարդաբորբի ախտանշանները կը զարգանան երեք հանգրուաններով.
ա. Թխսաւորումի ընթացքին ժահրը կը բազմապատկուի եւ կը տարածուի առանց ախտանշանի.
բ. Սուր բորբոքումը կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, նողկանք, փսխունք, մեղմ ջերմ, լեարդի ցաւ, երբեմն քերուըտուք եւ յօդացաւ մանաւանդ՝ HBV պարագային.
գ. Դեղնութիւնը (jaundice) կը յայտնուի ախտանշաններու սկսելէն 3-10 օրեր ետք: Մէզը կը դառնայ թուխ դեղին:
Դեղնութիւնը կը տեւէ 1-2 շաբաթներ եւ կամաց կամաց կը մեղմանայ: Վերոյիշեալ ախտանշանները յաճախ կը բարելաւուին հակառակ անոր, որ դեղնութիւնը կը սաստկանայ: Ապա լեարդը կը ծաւալի ցաւով: Լեարդին հետ երբեմն կը ծաւալի նաեւ փայծաղը (spleen): 2-4 շաբաթներ ետք հիւանդին ախորժակը կը բարելաւուի եւ 4-8 շաբաթներ ետք ընդհանուր վիճակը կը դառնայ բնականոն:
HAV լեարդաբորբի պարագային յաճախ դեղնութիւն չի զարգանար:
HCV լեարդաբորբը ամէնէն շատ մնայունի վերածուող լեարդաբորբն է:
Սուր լեարդաբորբի ախտաճանաչումը սկզբնաւորութեան կը դժուարանայ, որովհետեւ անոր ախտանշանները կը նմանին շատ մը ուրիշ ժահրային բորբոքումներու: Արեան յատուկ քննութիւններ եւ վերոյիշեալ հինգ տեսակ ժահրերու քննութիւնները պարտաւորիչ են հասնելու համար ախտաճանաչումին:
Սուր լեարդաբորբը մասնայատուկ դարմանամիջոց չունի. սակայն հետեւեալ միջոցառումները խիստ կարեւոր են բարելաւելու համար ենթակային հիւանդագին վիճակը՝ չաշխատիլ, հանգիստ ընել տան մէջ, սննդարար կերակուր ուտել, առատ հեղուկ խմել, ալքոլ չգործածել եւ ախտանշանները դարմանել, այսինքն՝ հակաջերմ եւ ցաւաբեկ դեղեր գործածել:
Դեղնութիւնը անյայտանալէ ետք անհատը կրնայ աշխատիլ եւ գործի սկսիլ:
Սուր լեարդաբորբը կարելի է կանխարգիլել ուշադրութիւն դարձնելով՝ անձնական մաքրութեան, առողջապահական միջոցառումներու, արեան փոխներարկումներու եւ ասեղնասրսկումներու:
HAV լեարդաբորբը ունի յատուկ պատուաստ (vaccine) մը, որ ապահով է եւ օգտաշատ: Անիկա կը սկսի գործելու սրսկումէն 4 շաբաթներ ետք եւ անոր ազդեցութիւնը կը տեւէ երկար տարիներ: Մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն այցելել այնպիսի երկիրներ, ուր HAV լեարդաբորբը տեղաճարակայինի (endemic) վերածուած է պէտք է ստանան այս պատուաստը:
HBV-ի պատուաստը մանուկներուն կը տրուի ծնունդէն անմիջապէս ետք:
Բ. Մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբ (chronic viral hepatitis).
Այն լեարդաբորբը, որ 6 ամիսէ աւելի կը տեւէ կը կոչուի մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբ: Անոր ախտապատճառներն են.
ա. HBV եւ HCV լեարդաբորբեր.
բ. Կարգ մը դեղերու գործածութիւն.
գ. Ալքոլի երկարատեւ սպառում.
դ. Անյայտ պատճառներ:
Մնայուն լեարդաբորբի ախտանշանները սուր լեարդաբորբի նման են, ինչպէս՝ յոգնածութիւն, ախորժակի նուազում, փորի ցաւ, մեղմ ջերմ, փայծաղի ծաւալում եւ ափերու կարմրութիւն: Ընդհանրապէս դեղնութիւնը բացակայ է: Պարագաներուն մէկ երրորդը կը սկսի սուր լեարդաբորբով: Մեծամասնութիւնը կը սկսի գաղտնօրէն եւ ծածուկ:
Մնայուն լեարդաբորբի ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ.
1. Լեարդէն կտոր մը վերցնելով (biopsy) եւ ախտաբանական քննութիւն կատարելով.
2. Կատարելով վերոյիշեալ հինգ ժահրերու արեան յատուկ քննութիւններ.
3. Փաստելով լեարդի թորշոմումը-փճացումը (cirrhosis).
4. Կատարելով լեարդի յատուկ քննութիւններ արեան ճամբով:
Մնայուն լեարդաբորբը դարձեալ յատուկ դարմանամիջոց մը չունի: Սակայն պէտք է դարմանել անոր ախտանշանները:
Լեարդի ամբողջական փճացումի պարագային լեարդի փոխպատուաստումը (liver transplantation) կը մնայ միակ փրկութեան ճամբան, որ բաւական բարդ եւ ծախսալից միջոցառում մըն է:
HBV եւ HCV կրնան զարգանալ եւ յառաջացնել լեարդի խլիրդ. հետեւաբար այս հիւանդութեններէն տառապող անձեր ամէն տարի պէտք է ենթարկուին որոշ քննութիւններու՝ ստուգելու համար լեարդի խլիրդի գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը:
Գ. Լեարդային Ուռեր.
ա. Լեարդային պզտիկ բուշտ-տոպրակ (cyst)
Այս տոպրակները ընդհանրապէս ախտանշան չեն ունենար եւ անոնք կը տեսնուին փորի «Ք» ճառագայթային նկարահանումներու միջոցաւ: Միակ ախտանշանը լեարդի ծաւալումն է:
բ. Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտէ (hydatid cyst).
Այս բուշտի ախտապատճառը որդ մըն է, որ կ՛ապրի ոչխարի եւ ձիու մարմինին մէջ: Սակայն անիկա կու գայ շուներէն եւ գայլերէն: Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, երբ ուտէ բան մը, որ կը պարունակէ վարակուած շունին կղկղանքին մէջ գտնուած որդին հաւկիթները: Կլլելէ ետք այս հաւկիթները, անոնք կը հասնին բարակ աղիքներ եւ հոնկէ ներծծուելով կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ ու կը հասնին լեարդ եւ երբեմն ալ թոքերը, ոսկորներուն մէջ եւ ուղեղ, ուր տեղի կ՛ունենայ բուշտի կազմութիւնը: Բուշտը կը ծաւալի ժամանակի ընթացքին եւ կը լեցուի հեղուկով ու մանր բուշտիկներով (small cysts): Լեարդի բուշտը, որ կրնայ ունենալ մէկ լիթրի ծաւալ, կրնայ պայթիլ եւ անոր բուշտիկները կրնան տարածուիլ թոքերուն, աւշագեղձերուն մէջ եւ այլ տեղեր: Պայթումի պարագային անհատը կ՛ունենայ ցաւ, ջերմ եւ քերուըտուք:
Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտը ինքնին կը յառաջացնէ թեթեւ ջերմ եւ փորի ցաւ: Դեղնութիւն կը յառաջանայ երբ բուշտը խցէ մաղձի ծորանը: Որոշ ախտանշաններ կը յայտնուին երբ անիկա կը տարածուի մարմինին մէջ՝ այլ տեղեր: Թոքերուն մէջ տարածուելով կը յառաջանայ հազ, կրծքացաւ եւ արիւնախարն խուխ:
Այս բուշտերուն ախտաճանաչումը կը կատարուի փորի համակարգչային նկարահանումով (CT Scan) եւ անդրձայնային նկարահանումով (ultrasound):
Իսկ անոնց դարմանումը կը կատարուի դեղերով եւ բուշտերու վիրահատումով:
գ. Քաղցկեղ.
Լեարդի քաղցկեղը ընդհանրապէս կը պատահի տղամարդոց մօտ, աւելի գերերու, լեարդի երկարատեւ բորբոքում, լեարդի փճացում, շաքարախտ, HBV եւ HCV լեարդաբորբ ունեցողներու ինչպէս նաեւ՝ ալքոլամոլներու:
Լեարդի քաղցկեղի ախտանշաններն են՝ ախորժակի կորուստ, նողկանք, սիրտ խառնուք, փսխունք, յոգնածութիւն, փորի վերի բաժինի ցաւ, փորի ուռեցք, կղկղանքի գոյնի փոփոխութիւն՝ դէպի ճերմակ, դեղնախտ, մորթի եւ աչքերու դեղնութիւն, կշիռքի նուազում եւ նիհարնալ: Ուռը կրնայ բացուիլ-պայթիլ որովայնին մէջ եւ յառաջացնել փորի ջրակուտակում (ascitis):
Անոր ախտաճանաչումին համար կը կատարուին արեան յատուկ քննութիւններ, պարզ «Ք» ճառագայթային նկարահանում, համակարգչային նկարահանում (CT Scan), անդրձայնային նկարահանում (ultrasound) եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանում (MRI):
Լեարդի գաղցկեղի հետեւանքները ընդհանրապէս վատ են: Լեարդի քաղցկեղի դարմանումը կախեալ է անոր մեծութենէն եւ դասակարգումէն: Վիրահատում կը կատարուի երբ ուռը պզտիկ է եւ չէ տարածուած հեռակայ տեղեր մարմինին մէջ: Վիրահատումէն ետք կը կիրարկուի նաեւ քիմիադեղային դարմանում (chemotherapy) եւ «Ք» ճառագայդային դարմանում (radio-xray the-rapy): Այս բոլորին օգտակարութեան տարողութիւնը ընդհանրապէս անորոշ է: Անհատը մի քանի տարիներ ետք կը մահանայ:
դ. Մարմինի այլ տեղերէ եւ օրկաններէ վատորակ ուռերու տեղաշարժ (metastatic) դէպի լեարդ:
Այս ուռերը լեարդ կը հասնին ընդհանրապէս ստամոքսաաղիքային համակարգէն, կրծքագեղձէն, թոքերէն եւ շարոյրէն:
Այս ուռերուն ախտանշանները, ախտաճանաչումը եւ դարմանումը նոյնանման են լեարդի քաղցկեղին:
Դ. Դեղնութիւն (jaundice).
Դեղնութիւնը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանիշ մը, որ կը յառաջանայ լեարդալեղուցային հիւանդութիւններով:
Դեղնութեան պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով մը: