ԵՐԵՒԱՆ.- Մոսկուայի քաղաքապետարանը չեղեալ յայտարարած է «Եաւուզսկիէ Վորոտա» հրապարակին վրայ ատրպէյճանցիներուն կողմէ Փետրուար 24ին ծրագրուած հակահայկական ցոյցը:
Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ ցոյցի կազմակերպիչներէն Ատրէյճանա-հրէական բարեկամութեան միութեան համահիմնադիր Փաշա Ալեւ «Ազերիփրես»ին յայտնած է, որ Փետրուարի 21ին իրեն կանչած են Մոսկուայի Տագանեան շրջանի թաղապետարան եւ յայտնած, որ թաղապետարանը չեղեալ կը յայտարարէ բողոքի ցոյցը՝ ուղղուած Խոճալուի ողբերգական իրադարձութիւններուն: «Տագանեան շրջանի գործադիր իշխանութիւններու լիազօր ներկայացուցչի ստորագրութեամբ նամակով նախապէս թոյլատրուած ցոյցը չեղեալ յայտարարուելու համար, առանց յստակացումներու՝ որպէս պատճառ պարզապէս նշուած է, որ «անթոյլատրելի է այլ երկիրի գործերուն միջամուխ ըլլալը», յայտնած է Ալեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.