ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի եբրայական համալսարանի երաժշտութեան եւ պարի ակադեմիոյ մէջ համերգով հանդէս եկած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆեսէօր եւ դաշնակահարուհի Անահիտ Ներսէսեանը: Այս մասին հաղորդած է Երուսաղէմի մէջ «Արմէնփրես»ի թղթակից, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ հայր Կորիւն վրդ. Բաղդասարեանը:
Համերգին հնչած են մաէսթրօ Վիլլի Վայների ստեղծագործութիւնները:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Երուսաղէմի փոխքաղաքապետ Մարիա Նոպիկովը, որ իր խօսքին մէջ ընդգծած է այսպիսի համերգներու կազմակերպման կարեւորութիւնը Երուսաղէմի մէջ, որուն պատմութեան անբաժան եւ կարեւոր մասն են հայ ժողովուրդը եւ հայկական համայնքը:
Համերգը աւարտած է անակնկալով մը. հանդիսատեսին ներկայացուած են Վայների նոր ստեղծագործութիւններէն՝ հանրաճանաչ հրեայ ջութակահար Մօտի Շմիտցի դաշնամուրային նուագակցութեամբ:
Համերգի կազմակերպիչներն էին՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը, Երուսաղէմի երաշտութեան եւ պարի ակադեմիան, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը եւ Հայաստանի մէջ «Մենորա» հրէական մշակութային կեդրոնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.