ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Շաբաթ, 16 Փետրուարի, առաւօտեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք, որ Զաքքա պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:
Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի չորս եպիսկոպոսներ եւ վեհափառի կողքին՝ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու երկու քոյր եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.