ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մարտ 3ին տեղի պիտի ունենայ Ճենիֆըր Սալմասեանի «Javakhk A Work That Cares»՝ «æաւախք՝ Աշխարհը հետդ է» երկլեզու նոր հրատարակուած մանկական գիրքին ներկայացումը, որ պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4ին:
Գրքոյկը կը պարունակէ գեղեցիկ կոթողներու նկարներ, ինչպէս նաեւ տեսարաններ աշխարհի բոլոր հայ երեխաներու առօրեայէն:
ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Ջաւախք հիմնադրամի յանձնախումբը սոյն գրքոյկը պատրաստեց հեղինակ Ճենիֆըր Սալմասեանի համագործակցութեամբ, նպաստելու համար ժողովուրդին, որ աւելի լաւ հասկնան ջաւախքահայերու ներկայ վիճակը:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Suite 102, Glendale, CA 91205: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ այցելել www.abrilbooks.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.