«Ասպարէզ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարութեան հարցին շուրջ։ Հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի, եւ Շինարարական յանձնախումբի անդամներէն Լեւոն Կիւլպէնկեանի եւ Գրիգոր Տարագճեանի հետ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. ;կեղեցին ե՞րբ հիմնուեցաւ Լաս Վեկասի մէջ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լաս Վեկասի հայկական գաղութը ծնունդ առած է 50ական թուականներուն։ 90ա-կան թուականներուն, հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջաններէն մեծ թիւով հայորդիներ եկած են հաստատուելու Լաս Վեկաս, մանաւանդ Նորթրիճ քաղաքին մէջ 1994ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք։
Մենք ունինք բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր 1994ին, տէր եւ տիկին Չաք եւ Սու Մէրլեաններու տան մէջ։ Մէրլեան ընտանիքը նուիրած է Աստուածամօր եւ Յիսուս Մանուկի պատկեր մը, որ այժմ զետեղուած է մեր խորանին վրայ։
Արեւմտեան մեր թեմի Ազգային առաջնորդարանը հոգեւոր ծառայութիւն կը մատակարարէ Լաս Վեկասի հայ համայնքին, գործակից ունենալով տեղւոյն յանձնախումբերը, կազմուած՝ Լաս Վեկաս հաստատուած ազգայիններէ, որոնք կամուրջ մը կը հանդիսանան Ազգ. առաջնորդարանին եւ համայնքին միջեւ։ 2006ին, մեր թեմի բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ, Լաս Վեկասի համայնքը վերակազմակերպուեցաւ եւ նոր կենսունակութիւն ապրեցաւ. նշանակուեցաւ ծխական նոր յանձնախումբ մը, որուն վստահուեցան աճ արձանագրող համայնքին աշխատանքներուն վարչութիւնը։ 2010ին,Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան նշանակուեցաւ ծխական շրջանի լիաժամ հոգեւոր հովիւ։
Մայիս 2010ին, մեր եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Ս. Կարապետ, ի յիշատակ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի եւ Տէր Կարապետեան գերդաստանի ննջեցեալներուն, որոնք նահատակուած են 1915ի Մեծ Եղեռնի ընթացքին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Լաս Վեկասի մեր համայնքին թիւը որքա՞ն է, իսկ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխականները ի՞նչ վիճակ կը պարզեն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ներկայիս մեր համայնքի բնակչութեան ճիշդ թիւը չունինք, բայց կարելի է ըսել թէ շրջանի հայութեան թիւը առ նուազն 6էն 8 հազար է։ Գաղութին մէջ գործօն ընտանիքներուն թիւը աւելի քան հարիւր է. անոնք մնայուն կերպով կը մասնակցին զանազան ձեռնարկներու։ Իսկ հիմա, երբ եկեղեցի ունինք, ժողովուրդը աւելի խանդավառուած է, կը մասնակցի նաեւ եկեղեցական զանազան ձեռնարկներու։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կարելի՞ է իմանալ, թէ երբ սկիզբ առաւ մնայուն եկեղեցի մը ունենալու ձեր ծրագիրը։ Այսօր ո՞ւր հասած է ծրագիրը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեր աղօթքներուն ու փափաքներուն մէջ միշտ եղած է մնայուն եկեղեցի մը ունենալու ծրագիրը։ Դեկտեմբեր 2009ին մեր աղօթքները պատասխան գտան, կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ ունենալու հողաշերտ մը, որուն հասցէն է 2054 East Desert Inn Road։
Արեւմտեան մեր թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի առաջնորդութեամբ, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ազգ. առաջնորդարանի կալուածոց յանձնախումբի ատենապետ Վահան Պզտիկեանի հետ խորհրդակցաբար, որոշուեցաւ որ շինարարութիւնը բաժնուի 3 հանգրուաններու.
Առաջին. Նորոգել այդ երկու յարկանի շէնքը, որ կը գտնուէր հողաշերտին վրայ, որպէսզի Ս. Պատարագ մատուցուի անոր մէջ, մինչեւ շինարարութեան աւարտը. կառոյցին մէջ պիտի ունենայինք նաեւ ապագայի համայնքի կեդրոնը։ Առաջին հանգրուանը վերջ գտաւ Ապրիլ 1, 2010ին.
Երկրորդ. Ծրագիր մը, ըստ որուն, հողաշերտին վրայ գտ-նուող շէնքերէն մէկը փլուի եւ անոր տեղ հիմը դրուի նոր եկեղեցիին։ Երբ արտօնագիր ստացանք, սկսանք բուն շինարարութեան ծրագիրին՝ Օգոստոս 26, 2012ին։ Նախատեսուած է որ շինարարութիւնը վերջանայ Փետրուար 2013ի կիսուն, երբ occupancy արտօնագիրը ստանանք։
Երրորդ. Վերաձեւաւորել համայնքի կեդրոնի երկրորդ յարկը, որպէսզի շաբաթօրեայ վարժարանի համար յատուկ տեղ ըլլայ։ Ըստ մեր նախատեսութեանց, երրորդ հանգրուանի շինարարութիւնը վերջ պիտի գտնէ 2013ի ամրան։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Շինարարութեան պիւտճէն ինչպէ՞ս ապահովուեցաւ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շինարարութեան պիւտճէն մեծամասնութեամբ ապահովուեցաւ իշխանական նուիրատուութեամբ մը, պրն. Լերի Պարնզի կողմէ, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի։ Իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեց նաեւ պրն. Գըրք Գրիգորեանի կողմէ UCLA-ի մէջ հաստատուած Dream Fund-ը։ Խորապէս երախտապարտ կը զգանք երկու նուիրատուութիւններուն համար։
Նկատառելի նուիրատուութիւններ ունեցանք նաեւ Լաս Վեկասի մեր համայնքէն եւ ուրիշ վայրերէ։ Օրինակի համար, նուիրատուութիւններ ունեցանք ի յիշատակ Կարօ, Կարապետ եւ Յովհաննէս անունները կրող ննջեցեալներու ընտանիքներէ։ Շնորհակալական տախտակ պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Տեղին է յիշել, թէ Լոս Անճելըսէն, Կեսարիոյ հայրենակցական միութիւնն ալ նուիրատուութիւն կատարեց, ի յիշատակ Կեսարիոյ մէջ գտնուող Ս. Կարապետ վանքին, որ կործանեցաւ 1915ի Մեծ Եղեռնի ընթացքին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ապագային ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կարելի է գտնուիլ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք բախտաւոր ենք, որովհետեւ շինարարութեան ընթացքին լուրջ դժուարութիւններ ու չնախատեսուած մարտահրաւէրներ չունեցանք. նախատեսուած է որ այս ծրագիրը իր լրումին հասնի մօտաւորապէս 6 ամիս ետք։
Ներկայիս, եկեղեցւոյ արտաքին կառոյցը ամբողջացած է, կ՛աշխատինք որպէսզի եկեղեցւոյ ներսի մասը՝ նստարանները, խորանը, մոմակալները եւ պատուհանները եւս ամբողջանան շուտով։ Կը յուսանք որ այդ բոլորը ամբողջանան մինչեւ Ծաղկազարդ։
Միակ մարտահրաւէրը կը մնայ ապահովել նուիրատուութիւններ, որպէսզի կարենանք հասնիլ DREAM FUND-ի ճշդած՝ հաւասարումի պայմանին (matching fund), որուն համար պայմանաժամ ճշդուած է 28 Փետրուար 2013ը։ Անոնք, որոնք տեղեակ չեն այս մարտահրաւէրին մասին, բացատրենք՝ ամփոփ. Dream Fund-ը խոստացած է մեզի տրամադրել հաւասար գումար մը ի դիմաց այն նուիրատուութեանց գումարին, որ կը գոյանայ 1 Սեպտեմբեր 2012էն մինչեւ 28 Փետրուար 2013։ Հետեւաբար, կոչ կ՛ընենք մեր բարեպաշտ ազգայիններուն, որ յանձն առնեն հովանաւորութիւնը եկեղեցւոյ տարբեր մասերուն, ի յիշատակ իրենց սիրելիներուն։ Ցանկը կը գտնէք ստորեւ.
Կողքի խորան $10,000
Եկեղեցւոյ կողքի դուռ $5,000
Մեծ ճեպանկարներ (x4) $5,000
Փոքր ճեպանկարներ (x5) $3,000
Խորանի վարագոյր $5,000
Քահանայի գրասենեակ $5,000
Դպրաց դասի սենեակ $5,000
Մեծ սրբանկարներ (x6) $4,000
Փոքր սրբանկարներ (x12) $2,000
Եկեղեցւոյ նստարաններ (իւրաքանչիւր նստարան $500), մնացած է 60 հատ: