Գինեձօն՝ Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ, Անցած Օրեր…» Գիրքին
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Համազգային Մշակութային միութեան գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է ոչ միայն պահպանել եւ փոխանցել Հայ մշակոյթը սերունդէ սերունդ, այլ նաեւ քաջալերել եւ գնահատել անհատներ, որոնք քաջութիւնը ունին յուշերու ընդմէջէն փոխանցելու կենդանի ապրումներ, յիշատակներ եւ դիմանկարել անձեր՝ իրենց նախասիրութեամբ, արուեստով ու տաղանդով: Այս տեսլականին հաւատացող ու արդարօրէն իր ներդրումը բերող Սան Ֆերնանտօ հովիտի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը ձեռնարկեց մտերմիկ ու հարազատ երեկոյ մը հրամցնել գաղութիս մէջ կայք հաստատած լիբանանահայութեան:
Ընթացիկ ամսուան Փետրուար 17ի երեկոյեան հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր ծննդավայր Լիբանանի անցեալ օրերու կարօտը միաձուլած էր ներկաները՝ ապրուած ու տեղեկացուած օրերու յուշերուն:
Ներկաներու շարքին էին երգող ու նուագող արուեստագէտներ՝ իրենց ընտանիքներով եւ հարազատներով:
Լիբանանահայ Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ, ապրուած օրեր…» գիրքի գինեձօնն էր:
Գրական յանձնախումբի անդամներէն օրուան հանդիսավարուհի Սոնա Մատարեան մեծարեց եւ յիշատակը պանծացուց Հայ ժողովուրդի մշակոյթի լուսամիտ տիտաններուն, որոնց ծառայասէր հոգին ու հաւատքը յաւերժացուցած է Հայոց լեզուն եւ մշակոյթը :
Յայտագիրը թափ առաւ Ժիրօ Տոլմայեանի փողային (saxophone) նուագով: Հրաշալի էր. միջին տարիքի ներկաները փոխադրեց… երիտասարդական, անցեալի ափերը…:
Հանդիսավարուհիի ներկայացումով եւ հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ, հայ մշակութային, ազգային եւ քաղաքական գործիչ, «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից, «Հայրենիք»ի եւ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր Վաչէ Բրուտեան, որ հարազատ ու հաղորդական ոճով ներկայացուց օրուան հեղինակի մարդկային համեստ ու պարկեշտ նկարագիրը, ինչպէս նաեւ անոր արուեստին (նուագ) հանդէպ ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը: Բանախօսը իր Նշան Փալանճեան ճեմարանական ընկերոջ մասին յիշատակելի դրուագներով եւ տեղեկութիւններով հաճելի պահ մը պարգեւեց ներկաներուն:
Ծրագիրի յաջորդ բաժինով անցեալի դրոշմով հոգեհարազատ նուագախումբը Վագօ Տէլալեանի յօրինած ու մշակած «Արմէնիա»ն կատարեց, երգեցողութեամբ ու (keyboard-ով) նուագի ընկերակցութեամբ՝ Վահիկ Վարդապետեանի, Պօղոս Շահմելիքեանի (base guitar-ով), Ռաֆֆի Խարտալեանի (drums)-ով , Ճէք Քէրիմեանի (guitar-ով) եւ Ժիրօ Տոլմայեանի (saxophone-ով) մեծապէս խանդավառեց ներկաները՝ այդ օրերուն հնչած ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած, անգլերէն երգով: Սրահը ջերմացած էր ծափողջուններով եւ ներկաները՝ աւելի մտերմացած:
Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ, անցած օրեր…» գիրքը, հարազատ մանրամասնութեամբ ու մեծ հաղորդականութեամբ ներկայացուեցաւ գաղութիս մէջ հանրածանօթ մանկապատանեկան թատերագիր, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի կողմէ:
Ան դրուատեց հեղինակին համեստ ու անկեղծ քաջութիւնը, որ գիրքը բաժնած էր թէ՛ ապրուած օրերու փորձառութամբ եւ թէ անհատներու ներաշխարհի ծալքերը բացայայտելու ինքնավստահութեամբ: Հոն կը գտնենք անցեալի ու ներկայի նուագող ու երգող արուեստագէտներու կենսագրականներ ու նկարագրային որոշ գիծեր՝ իրենց թերութիւններով ու նուաճումներով. մտածումներով ու արտայայտութիւններով:
Ներկաները ծանօթացան լիբանանահայ «Ֆայվ Ֆինկըրզ» (Five Fingers) նուագախումբի անդամներուն, անոնց ասպարէզի տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործակցութեան մասին՝ այդ օրերու Հայ թէ օտար, ծանօթ եւ սիրուած արուեստագէտներու հետ…:
Հարազատ եւ անկեղծ յիշատակներով լեցուն, ընթեռնլի գիրք մըն էր ներկայացուածը:
Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս լիբանանահայութեան հարազատ երգիչ Մաքսիմ, իր փունջ մը սիրային ու խանդավառ երգերով, սրահը ապրեցուց 60-70-80ական թուականներու յուշերով: Ռաֆֆի Խարտալեան իր անգլերէն մեներգով շարունակեց վերակենդանացնել անցեալ օրերու երիտասարդական ապրումները:
Յարգելի էր գաղափարը՝ «Հեռացած ընկերներու յիշատակին» պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութեան: Ներկաները, ծանօթ-անծանօթ, յուզումով ու խորհրդաւոր յարգանքով հետեւեցան եւ անգամ մը եւս «հեռացած ընկերները» վերապրեցան կենդանի յուշերով:
Աշուղական երգերու մեկնաբան, հանրածանօթ երգիչ Լեւոն Գաթրճեան բեմ հրաւիրուեցաւ իր «Տըլէ Եաման»ով եւ «Արմէնեան հող»ով գերլու ներկաները: Բացառիկ ելոյթ մըն էր այս մէկը տարեց, բայց հոգիով ու կամքով կայտառ իւրայատուկ արուեստագէտին կողմէ:
Օրուան հերոսը՝ հեղինակ Պօղոս Շահմելիքեանը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Պարոյր Սեւակ» գրական խմբակի անդամներուն՝ իր գիրքին ձօնուած այս քաջալերական եւ գնահատելի ձեռնարկին համար: Ան իր ջերմ շնորհակալիքը փոխանցեց երկու բանախօսներուն՝ Վաչէ Բրուտեանին եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնց մէջ էին իր հարազատներն ու բարեկամները:
Արժանի գնահատանքով յիշատակուեցաւ գիրքի հրատարակութեան մեկենասը՝ գաղութիս հանրածանօթ բարերար-գործարար՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը: Այս առթիւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը գնահատանքի յուշանուէրով մը պատուեց եւ արժեւորեց բարերարի մօտեցումն ու նուիրումը հայ մշակոյթի տարածման գործին: Յուշանուէրը յանձնուեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Աշխէն Փափազեանի եւ գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Արաքսի Գազանճեանի կողմէ:
Գինեձօնը կատարուեցաւ պատշաճ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ: Ապա հեղինակը մակագրեց գիրքին օրինակները:
Թող միշտ պանծայ Հայ գիրն ու արուեստը եւ գոյատեւէ՛ սերունդէ սերունդ:
Նշենք, որ գիրքը հրապարակի վրայ է: Կրնաք օրինակներ գտնել հետեւեալ վայրերուն մէջ՝ «Սարտարապատ» գրախանութ, «Ապրիլ» գրախանութ, «Գրատուն Պերճ», «Artisia Jewelers», Glendale, «Arax Grocery», Valley, «Բարսեղեան», Hollywood: