Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու ծխական յանձնախումբը գոհունակութեամբ կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ Ապրիլ 13-14ի շաբաթավերջին, առաջնորդին ձեռամբ տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծումը։
Շաբաթ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ ժամերգութիւն, Դռնբացէքի արարողութիւն եւ մկրտութեան աւազանի օծում, իսկ եկեղեցւոյ ու Մայր խորանի օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի օրը, յընթացս Ս. պատարագի։
Ծանօթ է, որ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սիւներու, խաչերու եւ գմբէթի խաչի օծումը տեղի ունեցած էր 2011ի Հոկտեմբերին, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, երբ ան հովուապետական այցելութեամբ Արեւմտեան թեմը կը պատուէր։
Յայտնենք, որ Երեքշաբթի, Փետրուար 19ի յետմիջօրէին, առաջնորդը այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին՝ ծանօթանալու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներու վերջին փուլերուն։ Սրբազանին կ՛ընկերանար Ազգ. վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեան, որ նաեւ ատենապետն է Ազգ. առաջնորդարանի կալուածոց յանձնախումբին եւ մասնագիտական խորհրդատուութիւն կը կատարէ այս ծրագիրի իրագործման տարբեր հանգրուաններուն։
Առաջնորդն ու Վահան Պզտիկեանը հանդիպում ունեցան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի, անդամներու եւ այլ նուիրեալ ծառայողներու հետ։ Անոնք գոհունակութեամբ ականատես եղան եկեղեցւոյ շինութեան վերջին քայլերուն, մանաւանդ իմանալէ ետք, թէ ծխական համայնքի ներկայացուցիչները քաղաքապետութենէն ապահոված են եկեղեցւոյ օգտագործման պաշտօնական արտօնագիրը։ Ամբողջացման կը կարօտի խորանին մարմարապատումը։
Յիշեցնենք, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին նաեւ յուշակոթող մըն է Ցեղասպանութեան նահատակներուն, յատկապէս՝ գլխաւոր բարերարին՝ Լերի Պարնզի հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի նախնիներուն, որոնք Վանի շրջանին մէջ զոհ գացած են Ցեղասպանութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.