ՊԷՅՐՈՒԹ.- Սումկայիթի եղեռնագործութեան 25ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան Լիբանանի հայկական երեք յարանուանութիւններու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Պատարագէն ետք Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք: Յաջորդաբար խօսք առին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Կէրկէրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Միջին Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.