ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները պիտի կայանան 5 Մայիսին: Ան դիտել տուած է, որ 11-21 Մարտին կուսակցութիւնները կրնան իրենց թեկնածուներուն ցանկերը ներկայացնել ԿԸՅ, իսկ ընտրական ցուցակներու արձանագրութիւնը պիտի կատարուի 21-31 Մարտին:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 Ապրիլին եւ պիտի աւարտի 3 Մայիսին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.