ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ներկայանայ 14 մասնակիցներով: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ, ճատրակի վարպետներ Վլադիմիր Յակոբեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Տիգրան Լ. Պետրոսեանը, Հրանտ Մելքումեանը, Ռոբերտ Յովհաննիսեանը, Արման Փաշիկեանը, Աւետիք Գրիգորեանը, Զաւէն Անդրիասեանը, Էլինա Դանիէլեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը, միջազգային վարպետ Կարէն Հ. Գրիգորեանը, ՖԻՏԷի վարպետ Ռոբերտ Աղասարեանը, Վլադիմիր Պօղոսեանը պիտի մասնակցին 5-16 Մայիսին Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.