ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հանդիսացող Երեւանի մէջ 15-21 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը: Անոր համաձայն, մշակութային դարաւոր արժէքներու երկիր ըլլալով՝ Հայաստանի մէջ պէտք է նման փառատօն մը կայանայ։ Ան դիտել տուած է, որ այս առիթով Հայաստան պիտի գան 50 նշանաւոր գրողներ՝ աշխարհի 25 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ անոնց պիտի միանան 50 գրողներ Հայաստանէն եւ Արցախէն:
«Պօէզիայի միջազգային փառատօնի անցկացման գաղափարը հնարաւորութիւն կը տայ տարբեր ազգութեան հեղինակներին ծանօթանալ Գրքի համաշխարհային մայրաքաղաքին տեղում», յայտնած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը: Փառատօնի աւարտին պիտի տպագրուի ծաղկաքաղ: Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի «Կասկադ» համալիրին մէջ: Մասնակիցները պիտի ներկայացնեն իրենց գիրքերը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան տարբեր անձնաւորութիւններու հետ ու այցելեն տեսարժան վայրեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.