ԱՄՄԱՆ.- Յորդանանի թագուհի Ռանիա Ալ Ապտալլա Կիրակի, Մարտ 10ին, Կանանց միջազգային օրուան առիթով այցելեց Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ միութեան անդամներուն եւ պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին թագուհին ծանօթացած է կանանց միութեան իրականացուցած ձեռքբերումներուն եւ անոնց ապագայ ծրագրերուն, որոնք կը նպաստեն Յորդանանի հասարակութեան եւ յատկապէս կանանց՝ պահպանելով մայրենի լեզուն եւ հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ աջակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու, հիւանդներու եւ տարեցներու:
Յորդանանի մէջ 1946ին հիմնադրուած ՀՕՄի ներկայ վարչութեան հետ հանդիպման ընթացքին, թագուհին շնորհաւորած է անդամները կանանց տօնին առիթով եւ յայտնած, որ Յորդանանը հարուստ է իր զաւակներով եւ անոնց բազմազանութեամբ, եւ հայերը այդ ընտանիքի մէկ մասնիկն են: «Մենք այսօր կը գտնուինք յորդանանեան իւրայատուկ կազմակերպութեան մը մէջ, որ ունի հայկական բուրմունք, որ յայտնի է իր յարգալից վերաբերումով եւ գործունէութեամբ», ըսած է թագուհին:
Թագուհին ծանօթացած է ՀՕՄի կողմէ ներկայացուած միութեան պատմութեան եւ ձեռքբերումներուն, որոնք բացայատած են հայ-յորդանանեան ամուր յարաբերութիւնները:
Այցի ընթացքին ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին թագուհին վայելած է միութեան «Արազ» պարախումբին կատարած հայկական պարերուն:
Ձեռնարկի աւարտին թագուհին ներկայ գտնուած է նաեւ միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած են հայկական ձեռագործներ, ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.