
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, Տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպեց «Տիկնանց աղօթքի օրն ու տիկնանց միութեան մասնաճիւղերու ատենապետներու գնահատանքի օր»ուան ճաշն ու ընկերային հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 13ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն ընթացքին սրբազանը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը ապա շնորհաւորեց տիկինները՝ իրենց կատարած նուիրեալ ծառայութիւններուն համար, եւ օրհնեց զանոնք: Ներկայ գտնուող հոգեւորականները եւս արտայայտեցին իրենց խորհրդածութիւնները:
Արարողութեան աւարտին, առաջնորդարանի «Փօլ Եղբայրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց ճաշ, որ պատրաստուած էր տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդին կողմէ: Ապա, «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ սրբազանը ներկաներուն ծանօթացուց Հարաւային Ամերիկայի Քորտոպա քաղաքէն ժամանած Երեմիա քհնյ. Խաչատրեանը, որ իր կողմէ նոր հոգեւոր հովիւ նշանակուած էր Փորթլընտի Սուրբ Գէորգ Հայց. եկեղեցւոյ համար: Մտերմիկ այս հանդիպման ընթացքին, սրբազանը խօսեցաւ տիկնանց միութեան ընդհանուր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանին կողմէ հովանաւորուած Էջմիածինի փոքրիկներու հիմնադրամի առաքելութեան մասին: Ան նաեւ տեղեկութիւններ հաղորդեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Արեւմտեան թեմ շնորհելիք այցելութեան մասին (Ապրիլ 27էն Մայիս 6):
Ապա, տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Արփի Պարսամ ծանօթացուց ներկայ գտնուող տիկնանց խորհուրդի անդամները: Ներկայ էին նաեւ հետեւեալ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց ատենապետները՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճար, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ, Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ, Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ, Լա Վըրնի, Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին, Քրեսենթա Հովիտ, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եւ Սանթա Քլարիթայի Ս. Սարգիս:
Ապա, Կեդրոնական խորհուրդի փոխատենապետ Արաքսի Պոյաճեան, Արփի Պարսամի հրաւէրով՝ տիկիններուն ծանօթացուց առաջնորդարանի գրադարանի տնօրէն եւ միջկեղեցական յարաբերութեանց տնօրէն Հայ Մադոյեանը: Նկատի ունենալով, որ 2013ը առաջնորդին կողմէ յայտարարուած է որպէս Ընտանիքի տարի, ան խօսեցաւ «Հայ քրիստոնեայ ընտանք» նիւթին շուրջ:
Սանթա Քլարիթա Հովիտի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան խօսեցաւ հետեւեալ երկու կարեւոր նիւթերուն մասին.
ա. 18-30 տարեկան հայ երիտասարդներու ինքնութեան պահպանման համար ուխտագնացութիւններ պիտի կազմակերպուին դէպի Հայաստան եւ համագումարներ պիտի գումարուին հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ազգային ժառանգութեան մասին:
բ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի առանձնացումի յանձնախումբը ընդհանուր առանձնացում մը կազմակերպած է բոլոր չափահասներուն համար. անիկա տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, Մարտ 19-20ին, Սիերա Մատրէի «Mater Dolorosa Retreat» կեդրոնին մէջ: