ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անդրադառնալով սիոնականութիւնը ֆաշականութեան հաւասարեցնելու մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան՝ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի սիւնակագիր Օզկեն Աճար կը նշէ, թէ ամերիկացի 89 քոնկրեսականներ, որոնցմէ 12ը Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան միջխորհրդարանական խմբակի անդամներ են, այդ առնչութեամբ նամակ յղած են Էրտողանին՝ լուրջ մտահոգութիւն եւ հիասթափութիւն յայտնելով անոր յայտարարութեան առթիւ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ վարչապետը ետ կը քաշէ իր խօսքը: «Անհամբեր կը սպասենք, որ ետ վերցնէք սիոնականութիւնը ֆաշականութեան հետ համեմատող եւ սիոնականութիւնը իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր բնութագրող ձեր արտայայտութիւնը», գրած էին քոնկրեսականները: Աճար կը յիշեցնէ, թէ հայկական, յունական եւ ասորական կազմակերպութեանց դէմ թուրքերու մղած պայքարին մէջ հրէական լոպիական ուժերը միշտ կանգնած են թուրքերու կողքին, եւ ըստ անոր՝ սիոնականութեան հասցուցած այս վիրաւորանքէն ետք՝ Էրտողան ինքզինք դրած է դժուար երկընտրանքի մը առաջ: Աճար կը պնդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ «չպարտուելու համար»՝ Էրտողան պէտք է ետ քաշէ իր այդ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւնը:
«2015ի Ապրիլ 24ին քիչ ժամանակ մնացած է: Քոնկրեսականներու այդ նամակէն ետք արդեօք Էրտողան ետ պիտի քաշէ՞ իր խօսքը, թէ հայկական լոպին պիտի յաղթանակէ 100ամեայ տարելիցին», հարց կու տայ թուրք լրագրողը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.