ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին դարձեալ հաղորդուեցաւ, թէ քանի մը հրթիռներ ինկած են Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան շրջաններու վրայ՝ նիւթական վնասներ պատճառելով, մինչ Դամասկոս հերքեց Լիբանանի վրայ յարձակումներուն մասին տարածուած լուրերը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ այն երկիրներն ու պետութիւնները, որոնք Սուրիոյ դէմ թշնամանք սկսած են տածելու եւ այդ պատճառով ալ սկսած են ահաբեկչական խմբաւորումներ զինելու, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նման ապատեղեկատուութիւն կատարելու՝ անճիշդ լուրերով:
Դամասկոս շեշտեց, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանը ռմբակոծած ըլլալու մասին լուրերը եւ կը շեշտէ, որ կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ յանձնառու է Լիբանանի կայունութեան պահպանման:
Նշենք, որ Լիբանանի նախագահը Երեքշաբթի օր յայտնած էր, թէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ բոլոր ոտնձգութիւնները մերժելի են:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը արտաքին միջամտութեան պատրուակ մը ստեղծելու նպատակով կատարուած է:
Ռուսիա, իր կարգին յայտնեց, թէ «շատ լուրջ կերպով մտահոգ է այն բանով, որ զանգուածային քանդումի զէնքեր ըմբոստներուն ձեռքը կ՛անցնին» եւ նշեց, թէ այդ զէնքերու օգտագործումը Սուրիոյ մէջ «ճակատումը նոր մակարդակի կը բարձրացնէ»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ քիմիական զէնքի օգտագործումը հաստատելու «որեւէ փաստ չունի»: Ան յիշեցուց նախագահ Պարաք Օպամայի այն զգուշացումը, թէ այդպիսի զէնքերու օգտագործումը «հետեւանքներ» պիտի ունենայ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ոչ աւանդական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեան ուղղութեամբ մտահոգութիւն» յայտնեց:
Չորեքշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հայաթ» թերթին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չի հաւատար սուրիական վարչակարգի այն պնդումին, թէ սուրիական ընդդիմութիւնը քիմիական զէնք օգտագործած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.