Մարտ 11ին Ճափոնի Ֆուքուոքա քաղաքին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Ղարիպեան Կռունկ» պարային համոյթին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ՝ նուիրուած Ճափոնի Թոհոքու նահանգի երկրաշարժի եւ ցունամիի երկրորդ տարելիցին:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեան: Ան նշեց, որ 1988ի Դեկտեմբերին Հայաստանը ցնցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց հայ ժողովուրդին:
Հայ դասական երաժշտութեան կատարումներով հանդէս եկան 2011ին Ճափոնի մէջ հիմնուած «Ղարիպեան պալեթի ակադեմիա»ի սաները:
Համերգին ամբողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ երկրաշարժէն եւ ցունամիէն տուժած ծնողազուրկ երեխաներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.