ՊԷՅՃԻՆԿ.- Մարտ 9ին Պէյճինկի լեզուի եւ մշակոյթի համալսարանին մէջ, Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող ֆրանսախօսութեան միջազգային փառատօնի շրջագիծէն ներս, Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ ժամանակակից բեմադրիչներ Արտակ Իգիթեանի եւ Վահան Ստեփանեանի «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Նիւթը հայ ընտանիքի մը մասին է, որ Մեծ Եղեռնը վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած է:
Նշենք, որ «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ժապաւէնը 10 Մարտին ցուցադրուեցաւ նաեւ Շանկհայ քաղաքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.