
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար պետական անվտանգութեան հարց է: Այս պատճառով է, որ արդէն երկար տարիներէ ի վեր երկրին մէջ մերժողականութեան մթնոլորտ ձեւաւորուած է: 27 Մարտին Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերոյիշեալ հաստատումը կատարած է թուրք յայտնի մտաւորական, գրող, «Պելկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռակըպ Զարաքօլուն՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող նախապատրաստական աշխատանքներուն:
«Ինչպէս խորհրդային շրջանին մարդոց յոգնեցուցած էր պաշտօնական պատմագրութիւնը, այնպէս ալ Թուրքիոյ մէջ այս խնդիրը յոգնեցուցած է թուրք ժողովուրդը: Հակառակ Թուրքիոյ մէջ առկայ արգելքներուն, մեր օրերուն բազմացած են այն մտաւորականները, որոնք կը համոզուին, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր», դիտել տուած է Զարաքօլուն: Անոր համաձայն, վերջին շրջանին երկրին մէջ շատցած են այն թուրք մտաւորականները, որոնք սկսած են լրջօրէն մտածելու կատարուածին մասին՝ զուգընթաց կարեւորելով նաեւ մտաւորականներուն ունեցած դերակատարութիւնը:
«Ցաւալի է, որ թրքական մերժողականութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ ցեղասպանութեան «թրոման» (խոցը, վէրք-Խմբ.) կը փոխանցուի նոր սերունդներուն: Թուրքիան իրաւունք չունի այդպէս վարուելու, ատիկա շատ դաժան է սերունդներուն նկատմամբ», նշած է թուրք մտաւորականը: Ան ընդգծած է, որ եթէ Թուրքիան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, այն ատեն թուրք նոր սերունդներն ալ հոգեպէս աւելի առողջ պիտի ըլլան: «Թէ՛ թրքական, թէ՛ քրտական, թէ՛ հայկական կողմի հանգստութեան համար պէտք է կարողանանք թաղել մեր մեռելները: Այնքան ատեն որ կը մերժենք Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, մեր մեռելները կը շարունակեն անթաղ մնալ իրենց գերեզմաններուն մէջ իսկ», յայտարարած է Զարաքօլուն:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի մասին՝ թուրք մտաւորականը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ յայտարարելով իր անկախութիւնը, օգտագործեց հասարակութիւններու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը՝ ազգերու ինքորոշման իրաւունքը:
«Քառասուն տարիէ ի վեր կ՛աշխատիմ մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ, եւ այս հարցին գծով իմ տեսակէտս շատ պարզ է: Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն ատրպէյճանական իշխանութիւնները Թուրքիոյ դրդումով սկսան ֆաշիստական քաղաքականութիւն որդեգրել եւ կոտորել հայերը: Ղարաբաղի ժողովուրդը արտայայտեց իր կամքը, ինքնորոշման դիմեց, դիմադրեց եւ յաղթանակ տարաւ: Ես ուրախ եմ անոնց յաղթանակին համար», դիտել տուած է թուրք մտաւորականը: Ան ղարաբաղեան հիմնահարցը նմանցուցած է Թուրքիոյ մէջ առկայ քրտական խնդիրին: «Եթէ նոյնիսկ ընտանիքին մէջ կան խնդիրներ, ամուսիններն իրաւունք ունին ամուսնալուծուելու: Կը կարծեմ, որ ժողովուրդները առաւել եւս պէտք է ունենան բաժնուելու իրաւունքը», ընդգծած է Ռակըպ Զարաքօլուն: