ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հասան Քաշքաւի յայտարարած է, որ Թեհրան եւ Լոնտոն կը բանակցին երկու երկիրներուն միջեւ հիւպատոսական կապերը վերականգնելու համար: Նոյեմբեր 2011ին, Իրան որոշած էր կրճատել Բրիտանիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը՝ Թեհրանի նկատմամբ կիրարկուած պատժամիջոցներուն պատճառով, որմէ ետք Բրիտանիա տուն կանչած էր իր դիւանագիտական անձնակազմը, փակած էր դեսպանատունը եւ պահանջած փակել Լոնտոնի մօտ Իրանի դեսպանատունը ու հեռացնել դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.