ՄՈՍԿՈՒԱ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Մարտ 27ին քննադատեց Սուրիոյ օրինական կառավարութեան աթոռը ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն յանձնելու Արաբական լիկայի մէկ օր առաջուան որոշումը՝ աւելցնելով, թէ նոյնիսկ Արաբական լիկայի կարգ մը անդամներ դէմ էին այդ որոշումին: Մոսկուա նաեւ ազդարարեց, թէ նման քայլեր կը նպաստեն միայն տագնապին ռազմական լուծում մը գտնելու ջատագով կողմերուն:
Վեհաժողովին ընթացքին, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար պէտք է գտնել քաղաքական լուծում մը, որ բաւարարէ սուրիական քաղաքական բոլոր կողմերուն պահանջները՝ աւելցնելով, թէ Լիբանան «ինքզինք չէզոք կը նկատէ Սուրիոյ վերաբերեալ վեհաժողովին ընթացքին տրուելիք որոշումէն»:
Տոհայի վեհաժողովը, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին օրինականութիւն շնորհելով՝ անոր հրաժարեալ նախագահ Մոազ Խաթիպին յանձնած էր Սուրիոյ աթոռը, միաժամանակ Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ լուծման կոչ ընելով:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ ժողովը նաեւ իրաւունք տուած է արաբական իւրաքանչիւր պետութեան՝ սուրիացի ընդդիմադիրներուն օգնելու զինուորապէս: Ժողովականները կոչ ըրած էին միջազգային համագումար մը կայացնելու՝ քննելու համար յետպատերազմեան Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներն ու գաղթականներու հարցը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի նաեւ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան մօտալուտ կազմութեամբ՝ ընդդիմութիւնը պաշտօնապէս պիտի փոխարինէ Սուրիոյ վարչակարգը եւ ստանձնէ անոր դիրքերը՝ շրջանային թէ միջազգային մարմիններու մօտ: Արապի պնդեց, թէ սուրիացի ընդդիմադիրները զինելու որոշումը չի խանգարէր քաղաքական լուծման երթը:
Ժողովի ընթացքին Խաթիպ նաեւ ժողովականներէն ու յատկապէս ՆԱԹՕէն խնդրեց միջամտել Սուրիոյ դէպքերուն՝ վերջ տալու համար «սպանդներ»ուն: Ի պատասխան Խաթիպի՝ ՆԱԹՕի մէկ բանբերը յայտնեց, թէ ՆԱԹՕն առայժմ զինուորապէս միջամտելու մտադրութիւն չունի:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մարտ 27ին կոչ ըրաւ ՊՐԻՔՍի (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) անդամ երկիրներուն, որ իրենց կարելին ընեն՝ դէմ դնելու համար Սուրիոյ վարչակարգին դէմ զինեալ պայքար մղող «ահաբեկիչներ»ը զինելու քայլերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.