
ԷՆՍԻՆՕ.- Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին նուիրուած է Քրիստոսի Տասը կուսանաց առակին։ Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ Երեքշաբթի երեկոյ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, վեր առնելու համար այս առակին խորհուրդը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Մարտ 26ի երեկոյեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պատգամ մը ուղղելով՝ անդրադարձաւ Տասը կուսանաց առակի խորհուրդին ու անկէ բխող անժամանցելի թելադրանքներուն։
Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանէն տասը պարմանուհիներ ներկայացուցին տասը կոյսերը, եւ մասնակցեցան արարողութեան եւ երգեցողութեանց։
Սրբազանը նշեց, որ առակին մէջ մատնանշուող փեսան նոյնինքն Յիսուսն է. փեսային սպասող տասը երիտասարդուհիներէն հինգը շարժեցան իմաստութեամբ. անոնք իրենց կանթեղներուն համար պատրաստ ունէին բաւարար իւղ, մինչդեռ իւղասպառ ճրագներուն տէրերը կորսնցուցին փեսան դիմաւորելու առիթը։
«Տասը կուսանաց առակով՝ Քրիստոս կը թելադրէ կեանքի մէջ ապրիլ հինգ իմաստուն կոյսերուն պէս, որոնք պատրաստ եւ արթուն եղան։ Քրիստոսի պատրաստ ըլլալու պատգամը՝ կը նշանակէ շիտակ բան ընել։ Պատրաստ ըլլալ կը նշանակէ գործնականապէս հաւատարիմ եւ հնազանդ ըլլալ Աստուծոյ, իսկ արթուն ըլլալ կը նշանակէ չարէն չխաբուիլ, սխալ ճանապարհով չ՛առաջնորդուիլ եւ ընտրել բարին։ Հետեւաբար պատրաստ եւ արթուն ըլլալով Աստուծոյ պատգամները կ՛ընդունինք մեր կեանքին մէջ եւ կը դիմաւորենք մեր Փրկիչը։ Աւագ Շաբաթն ալ նոյնը կը պատգամէ որպէսզի ըլլանք պատրաստ՝ դիմաւորելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը», ըսաւ ան։