
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք երէկուան թիւով, Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը վերջացած էր եւ դատաւորը չորս տարի եւ հինգ ամիս բանտարկութեան պատիժ սահմանած էր Սեւակը սպաննող Գըվանչ Աղաօղլուի համար։ Դատաւորին կարծիքով՝ Սեւակ սպաննուած էր արկածով, անուշադրութեան հետեւանքով։
Դատարանին այս վճիռը ընդվզում յառաջացուց Սեւակի ընտանիքին եւ Սեւակի յիշատակը պաշտպանող մարդասիրական կազմակերպութիւններու անդամներու մօտ։ Չորեքշաբթի, Մարտ 27ին, «Կալաթասարայ Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ Սեւակի համար արդարութիւն պահանջողներու խմբակ մը մամլոյ ասուլիս սարքեց եւ իր ընդվզումը արտայայտեց։ Մամլոյ ասուլիսին կը մասնակցէին Սեւակի հայրը եւ մայրը՝ Կարապետ եւ Անի Պալըքճը, փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալավութ, ձեռնարկի կազմակերպիչներէն Կարօ Փայլան, Պոլսոյ բժշկական գրասենեակի նախկին նախագահ Կենչայ Կիւրսոյ եւ «Նոր Զարթօնք»ի խմբաւորումէն Մելիս Թանթան։
Նախ խօսեցաւ Կարօ Փայլան՝ դիտել տալով, որ երկու տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այս պատահարը ցոյց տրուի որպէս արկած։ «Մենք միշտ պնդեցինք, որ ասիկա արկած չէր, սակայն երէկ զինուորական դատարանը ի վերջոյ վճռեց, թէ Սեւակ արկածի հետեւանքով մեռած էր։ Մենք մեր հակազդեցութիւնը կ՛ուզենք ցոյց տալ այդ վճիռին դէմ», ըսաւ ան։
Պալըքճը ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալավութ եւս յիշեցուց դատարանին վճիռը եւ ըսաւ, որ ինչպէս բոլորը՝ իրենք եւս անբաւարար գտած են այս պատիժը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ վճիռին նախորդող դատավարութեան գործընթացին ու պնդեց, թէ ոճիրի վայրը քաղաքի կեդրոնէն շատ հեռու է. սպանութեան օրն իսկ իրենք հոն գացին եւ խօսեցան հրամանատարներու եւ զինուորներու հետ։ Անոնցմէ շատերը արդէն այս պատահարին մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող անձեր էին եւ անոնք դատավարութեան ընթացքին ալ շարունակեցին մնալ իրենց պաշտօնին վրայ՝ ճնշումի տակ պահելով ականատեսները, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով: «Մասնաւորաբար Աղաօղլուի ընտանիքը ականատես վկաներու վրայ մեծ ճնշում բանեցուցած է», ըսաւ ան։
Փաստաբանը աւեցուց, որ շատ փաստեր ոչնչացուած են եւ պատահարին մասին ամբողջական տեղեկութիւն ստանալու իրենց դիմումները անպատասխան մնացած են։
«Հիմա այս վճիռը գոհացուցիչ չէ։ Մենք միշտ հաւատացած ենք, որ դիտում մը կար այս սպանութեան մէջ։ Բայց դատարանը առկայ բոլոր փաստերը գիտակցաբար անտեսեց եւ վճռեց, թէ արկած մըն էր։ Մենք մեր դատը պիտի շարունակենք պաշտպանել վերին դատարանին մէջ։ Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ դատարաններուն որոշումը, արդիւնքը չի փոխուիր։ Հոս դէմ առ դէմ կը գտնուինք ոճիրի մը, որ չէ լուսաբանուած։ Կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր զինուորներ յաճախ կը մեռնին։ Սեւակի մահէն ի վեր երկու կարեւոր դէպքեր պատահեցան. մէկը Ուլուտերէի սպանդն էր, իսկ միւսը՝ Աֆիոնի մէջ պատահած պայթումը», ըսաւ փաստաբանը։
Խօսք առաւ նաեւ Սեւակին հայրը՝ Կարապետ Պալըքճը, ընդգծելով դատական վճիռին անբաւարարութիւնը։ «Սեւակ հոն ցեղապաշտ գնդակով մը եւ դիտումնաւոր կերպով սպաննուեցաւ։ Իմ մեկնաբանութիւնս ա՛յս է։ Սեւակը արուեստագէտ տղայ մըն էր։ Ինծի հետ կ՛աշխատէր, եւ ես Սեւակը սպաննող ցեղապաշտ մէկու մը համար այս պատիժը քիչ կը գտնեմ։ Յետոյ կայ նաեւ ուրիշ հարց մը։ Թուրքիոյ ծառայութեան ընթացքին մեռնող քրիստոնեաները նահատակ չեն նկատուիր եղեր։ Ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան կը կանչուին անոնք: Քրիստոնեաները թող չկանչեն», ըսաւ ան։
Իսկ Սեւակի տառապակոծ մայրը՝ Անի Պալըքճը, աւելցուց. «Ասիկա ցեղապաշտ ոճիր մըն է, որովհետեւ տարբեր ձեւ կարելի չէ մտածել ոճիրի մը համար, որ կը գործադրուի Ապրիլ 24ին, մեր Զատկուան տօնին, Սեւակ անուն հայու մը դէմ։ Ինչո՞ւ պատահեցաւ, կ՛ըսենք, բայց պատասխան չենք ստանար։ Որովհետեւ մենք նախ մարդ ենք, յետոյ՝ հայ։ Նախ մեր կրօնքին կը նային, մեզ օտար կը նկատեն։ Սեւակը բնականոն տղայ մըն էր, թերեւս իր արուեստով ճանաչում պիտի գտնէր, բայց առիթ չտուին անոր։ Ա՛ն ալ, հարիւր տարի առաջ սպաննուած միւս արուեստագէտներուն նման, Ապրիլ 24ին մտաւ սեւ հողին տակ։ Կարելի՞ է մտածել, որ ասիկա ցեղապաշտ ոճիր մը չէր։ Երկու տարիէ ի վեր Տիարպեքիր կ՛երթանք, կու գանք։ Այդ հրացանը գործածող ձեռքին տիրոջը հետ նոյն օդը շնչեցինք՝ ասկէ ալ աւելի փոքր սենեակի մը մէջ։ Եղունգներս ձեռքերուս մէջ մխրճեցի, որպէսզի ձայն չհանեմ։ Դատարանի որոշումը անբաւարար է։ Այս կերպով, կարծես, դատարանը ըսաւ, թէ՝ Սեւակ յանցաւոր էր. ի՞նչ գործ ունէր այդ հրացանին դիմաց. թող հոն չկենար. եթէ կենայ՝ ահաւասիկ այսպիսի արկածներ կրնան պատահիլ։ Զատկուան «չէօրեք» ուզած էր, մենք ալ ղրկած էինք. ըսին, որ ասիկա քու վերջին «չէօրեք»դ թող ըլլայ։ Ա՛յս ալ կայ, թէեւ չկրցանք ապացուցանել. ըսեր են, որ «եթէ Հայաստանի հետ պատերազմ ծագի, առաջինը՝ քեզ կը սպաննենք»։ Ապրիլ 24ին տղայ մը պէտք է սպաննուէր եւ ատիկա Սեւակը եղաւ։ Անոնք, որոնք դատական այս վճիռը արձակեցին, թող Սեւակը յիշեն, երբ իրենց զաւակներուն փաթթուին, եւ թող իմ արցունքներս յիշեն, երբ իրենց մայրերուն փաթթուին։ Սեւակը, այս պահուն, փշաթելերուն ետեւէն շարունակ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ սպաննեցին զինք։ Պատասխան չկայ…»։
Խօսեցաւ նաեւ Կենչայ Կիւրսոյ՝ ըսելով, թէ Սեւակին դէպքը Հրանդի սպանութեան օրինակով կատարուած սպանութիւններէն մէկն է։ «Զինուորներու մահը մէկն է այն իրողութիւններէն, զորս անտեսել կը ջանայ այսօր անարդարութիւն գործադրող դատական համակարգը», ըսաւ ան։