ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 27 Մարտին Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է 35 միլիոն տոլարի վարկի տրամադրումը՝ Հայաստանի մէջ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկումի ծրագիրին համար:
Ծրագիրը պիտի օժանդակէ Հայաստանի կառավարութեան աշխատանքներուն՝ մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման եւ հիմնական բժշկական օգնութեան մակարդակի բարձրացման, ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգիլման, անոնց վաղ բացայայտման եւ բուժման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առանձին հիւանդանոցներու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան ու ծառայութիւններու որակի բարելաւման:
Ծրագիրի ընդհանուր ֆինանսաւորումն է 45 միլիոն տոլար, որմէ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի յատկացնէ 8.2 միլիոն տոլար, իսկ Առողջապահական արդիւնքներու նորարարութեան հաւատարմագրային հիմնադրամը պիտի տրամադրէ (ԱԱՆՀՀ) 1.8 միլիոն տոլար՝ դրամաշնորհի ձեւով: Համաշխարհային դրամատան 35 միլիոն տոլար վարկը կը յատկացուի Միջազգային զարգացման ընկերակցութեան դասական պայմաններով՝ տարեկան 1.25 տոկոսով, 25 տարի ժամկէտով եւ 5 տարուան արտօնեալ ժամանակաշրջանով:
Ծրագիրէն հիմնական օգտուողը Հայաստանի ազգաբնակչութիւնն է, քանի որ ծրագիրին իբրեւ արդիւնք պիտի ապահովուին բարելաւուած առողջապահական ծառայութիւններ մօր եւ մանկան առողջութեան բնագաւառին մէջ, պիտի բարելաւուին առանձին ոչ վարակիչ հիւանդութիւնները (օրինակ՝ շաքարախտ, արգանդի վզիկի քաղցկեղ) հիւանդութեան կանխարգելման հետազօտութիւններու ու բուժման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցային ծառայութիւնները: Ծրագիրը դրական ներդրում պիտի ունենայ կիներուն, տղոց, նորածիններուն, երեխաներու, աշխատանքային տարիքի չափահասներուն, տարեցներուն առողջական հարցերու լուծման իմաստով, նաեւ մատուցուած ծառայութիւններուն փոխարէն գանձուած գումարը կը նուազի։
«Վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող առողջապահական բարեփոխումներու հիմնաքարը եղած է որակեալ բժշկական ծառայութիւններու առաջարկի ամրապնդումը: Միւս կողմէ ալ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով առաւել կարիքաւոր ընտանիքներուն կէսը ստիպուած եղած է նուազեցնել իր բժշկական ծախսերը», յայտնած է Հայաստանի մէջ Համաշխարհային դրամատան գրասենեակի տնօրէն Ժան Միշել Հափին ու աւելցուցած. «Այս ծրագիրը պիտի բարելաւէ ծառայութիւններու թիրախաւորումը՝ ներառելով կարիքաւորներու առողջութեան պահպանութեան ծառայութիւնները, զանոնք շաղկապելով մատուցուած բուժման հիման վրայ տրուող վճարումներուն հետ: Համոզուած ենք, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ երկրին մէջ արձանագրելու աւելի լաւ առողջապահական արդիւնքներ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.