ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան 27 Մարտի որոշումին, ազգային տաղաւար տօներու եւ անոնց յաջորդող յիշատակի օրերուն աշխատանք պիտի չըլլայ։ 2013 թուականի Ապրիլ 1ի (Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող), Յուլիս 8ի (Վարդավառ: Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնին յաջորդող), Օգոստոսի 19ի (Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին յաջորդող) եւ Սեպտեմբերի 16ի (Խաչվերացի տօնին յաջորդող) աշխատանքային Երկուշաբթի օրերը համապատասխանաբար պիտի տեղափոխուին 2013 թուականի Ապրիլ 13ի, Յուլիս 13ի, Օգոստոս 24ի եւ Սեպտեմբեր 28ի Շաբաթ օրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.