
Հայկական Ցեղասպանութենէն որբացած հարիւր հազարաւորներուն նուիրուած «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը Հինգշաբթի, Ապրիլ 18ին պիտի ցուցադրուի Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն, երեկոյեան ժամը 7ին:
Ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէ կայանին դրամահաւաքի արշաւին եւ իբրեւ ներկայացնող ունի «Օսքար»ի արժանացած «Տը Արթիսթ» ֆիլմի դերակատարներէն Քեթ Դաւիթեանը: Նուիրատուները պիտի ստանան ֆիլմէն ու անոր ընկերացող գրքոյկէն օրինակներ:
«Արմէնօիտ» ընկերութեան արտադրած ֆիլմը պատրաստուած է շրջանային 4 «Էմմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանին կողմէ, հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու, յուշերու եւ վկայութեանց վրայ:
«Արմէնօիտ» ընկերութիւնը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իրենց շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ կապ հաստատելով խնդրեն, որ ֆիլմը նաեւ իրենց շրջաններուն մէջ ցուցադրուի, յատկապէս Ապրիլ ամսուան ընթացքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նշեալ ընկերութեան գործունէութեան նեցուկ կանգնելու համար այցելել www.armenoidteam.com կայքը, դիմել bared.maronian@gmail.com հասցէին կամ (954) 646-0944 թիւին: