ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Շաբաթ, Մարտ 9ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ խումբ մը հոգեւորականներու, մուտք գործեց Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ նոր կալուածի մեծ սրահը՝ Նաւակատիքի արարողութիւն կատարելու համար: Հոգեւորականներ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ծունկի գալով եւ պատշաճ երգեցողութեամբ կատարեցին Դռնբացէքի արարողութիւնը, ապա հոգեւորականներն ու հաւատացեալները մուտք գործեցին եկեղեցի: Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Միջինքի ընթրիք:
Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան շնորհաւորեց ծուխի հաւատացեալները եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեանը եւ Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեանը իրենց երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Երկար տարիներ Սաքրամենթոյի հաւատացեալ համայնքը տեսիլքը ունեցած է սքանչելի վայր մը ունենալու՝ աղօթելու համար: Դուք հաստատ մնացիք ձեր հաւատքին վրայ եւ ձեր յոյսը բնաւ չկորսնցուցիք: Այժմ ականատես կը դառնաք ձեր հաւաքական աշխատանքի արդիւնքին»: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ միաբերան Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ:
Կիրակի, Մարտ 10ին, առաջնորդը մատուցեց օրուան Ս. պատարագը եւ քարոզեց Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ նոր կալուածէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.