
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 10 Ապրիլէն 2 Մայիս Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորման նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Թատրոն-X» 6րդ հանրապետական փառատօնը՝ Երեւանի եւ մարզերու թատրոններու եւ թատերախումբերու մասնակցութեամբ:
Ընդունուած ձեւաչափին համաձայն, իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք տեղի պիտի ունենան հրապարակային քննարկումներ:
Այցելութեան ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր, դասախօսութիւններ, գիրքերու շնորհահանդէսներ:
Փառատօնը եւ ընթերցումները նպատակ ունին ապահովելու մասնագիտական կարծիքի արտայայտման ասպարէզ, ի մի բերելու նախորդ տարուան բեմադրական եւ թատերական ձեռքբերումները ձեւաւորելու միասնական մշակութային դաշտ մայրաքաղաքին եւ մարզերուն միջեւ:
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 Ապրիլին Յովհ. Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ:
Փառատօնի նախագահն է Արա Խզմալեանը, գեղարուեստական ղեկավարը՝ Ռուբէն Բաբայեանը, համակարգողը՝ Մարիաննա Գրիգորեանը։