ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 3 Ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ պտուղ-բանջարեղէնի արտածումը քառապատիկ աճ արձանագրած է՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով: 3 Ապրիլին լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Ռոբերտ Մակարեանը: «Անցած տարի Ապրիլի 3ի դրութեամբ հանրապետութիւնից արտահանուել էր շուրջ 1000 տոննա պտուղ-բանջարեղէն, իսկ այս տարի արդէն 4 հազար տոննա արտահանել ենք, ինչը նշանակում է, որ այս տարի մենք արտահանման ծաւալների քառակի աճ ենք գրանցել», նշած է ան՝ յոյս յայտնելով, որ արտածման այդ աշխուժութիւնը պիտի շարունակուի, եւ այս տարի լուրջ յաջողութիւններ պիտի արձանագրուին գիւղամթերքներու արտածման բնագաւառին մէջ:
«Գիւղմթերքների կանխատեսող ծաւալների վերաբերեալ մոնիտորինգ է կատարուել: Բանջարեղէնի ծաւալները կազմել են շուրջ 58 հազար տոննա, որից 51 հազարը լոլիկի բերքն է, եւ շուրջ 28 500 տոննա պտղի բերքն է: Կանխատեսուող մթերման ծաւալները անցած տարուայ համեմատ աւելացել են շուրջ 27 հազար տոննայով», դիտել տուած է ան։
Մայիսէն սկսեալ պիտի վերաբացուին նաեւ Երեւանի մէջ կազմակերպուող գիւղամթերքեներու տօնավաճառները:
Գիւղատնտեսութիւնը հանրապետութեան տնտեսութեան առանցքային ոլորտներէն մէկն է: Վերջին երեք տարիներու տուեալներով, գիւղատնտեսութեան մէջ ձեւաւորուած է երկրի համախառն ներքին արդիւնքի շուրջ 17.6 տոկոսը: Իսկ գիւղատնտեսական վերամշակման հետ անիկա կը կազմէ 22.7 տոկոս: 2011 թուականին գիւղատնտեսական պարէնային համակարգը տուած է երկրի համախառն ներքին արդիւնքի շուրջ 25, որուն կարգին գիւղատնտեսութիւնը՝ մօտ 20 տոկոսը: Ներկայիս գիւղատնտեսական պարէնային ոլորտին մէջ ձեւաւորուած է շուկայական յարաբերութիւններով կարգաւորուող ազատ տնտեսական համակարգ, որ կը ներառէ աւելի քան 339 հազար գիւղական տնտեսութիւններ, որոնք հանրապետութեան գիւղատնտեսական արտադրութեան մէջ հիմնական հողագործներն են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.