
ԱՐՄԷՆ Ա. Քհնյ. ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Երբ երիտասարդ էի, բժշկական յօդուածներ կը կարդայի, պարզապէս կարդալու համար: Սակայն երբ տարեց դարձայ, հարցը փոխուեցաւ: Ոչ միայն առողջութեանս վերաբերեալ գրութիւններ չեմ փախցներ, այլ տարեկիցներուս հետ մեր խօսակցութեան նիւթը անպայման կը դառնայ առողջութեան շուրջ: Իրարմէ գաղտնիքներ կը գողնանք՝ կողմնակի հարցումներով, առանց ցոյց տալու, թէ մեր հարցումին ուղիղ պատասխանէն կախուած է մեր հոգեվիճակին ուղղութիւնը: Նոյնիսկ կան անձեր, որոնք իրենց համար բոլորովին անվնաս հարցումներու կը դժկամակին ուղիղ պատասխանել…
Ահա՛ մեր սիրելի եւ յարգելի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր Բժիշկին «Ա.» եւ «Բ.» Խօսքերով, վստահ եմ կը գիտակցի, թէ ինծի նման հարիւրաւորները փրկած է մղձաւանջային վերոյիշեալ կացութիւններէն:
Բաւական երկար կեանքիս ընթացքին բնաւ չեմ համարձակած գրախօսական գրել: Այս պարագային ալ ընելիքս ու գրելիքս միայն այս գիրքերէն ստացած գոհունակութեան զգացումս արտայայտելու համար է:
Մեր պայմաններուն մէջ միակ ատակ անձը որ պիտի կարենար հեղինակաւոր կերպով գրախօսել այս գործը, պիտի ըլլար բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը, որ այդ պարտականութիւնը բծա-խնդրօրէն կատարած է «Բժիշկին Բ. Խօսքը»ի յառաջաբանին մէջ:
Արդարեւ, երբ նոր հրատարակուած «Բժիշկին Բ. Խօսքը» ունեցայ, առաջին գործս եղաւ նիւթերու ցանկին մէջ փնտռել ցաւերուս վերաբերեալները. օրինակ՝ կռնակի ցաւ, ծունկերու ցաւ, գլխապտոյտ, շնչարգելութիւն, կոկորդիս արտաշնչման միացող երաժշտութիւնը… եւայլն, եւայլն:
Վստահ եմ, ընթերցողը կռահեց, թէ տարիքիս բերմամբ, ոչ թէ քանի մը նիւթեր, այլ ամբողջ գիրքը ծայրէ ի ծայր կարդալու կարիքը ունեցայ եւ մեծ բաւականութեամբ ըմբոշխնեցի ամբողջ գիրքը:
Մանաւանդ հայ բժշկութեան հին դարերէն սկսեալ հակիրճ պատմութեան մէջ յիշատակումը, երբ հայ եկեղեցականներ իրենց հոգեւոր ծառայութեան կը միացնէին նաեւ բժշկական գիտութիւն ու ծառայութիւն:
Որքան բնական ու հարազատ է հայ եկեղեցականի տիպարին՝ ամբողջական նուիրում Աստուծոյ եւ ազգին:
Ահա, այս բոլորէն ետք, զիս պատեց անորոշ զգացում մը, զոր կը դժուարանամ յստակօրէն բանաձեւել՝ երախտագիտութի՞ւն, հիացո՞ւմ. երկուքն ալ:
Իւրովի հարց տուի ես ինծի, թէ հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան ինչպիսի աստիճանի վրայ պէտք է գտնուի անձ մը, որ կարենայ իր ասպարէզը շարունակելով հանդերձ, լայնօրէն զբաղի ազգային-եկեղեցական կեանքով, այդ ալ պատասխանատու բարձրագոյն աստիճաններու վրայ, նոյն համեմատութեամբ նաեւ՝ մշակութայինը, եւ միաժամանակ ձեռնարկէ ու լիակատար յաջողութեամբ պսակէ մասնագիտական լայնածաւալ աշխատանք մը, որ կը պահանջէ խոր հմտութիւն, համբերութիւն եւ սէր: Գլխագիր ՍԷՐ իր ազգին հանդէպ, զոր կը ջանայ տեսնել թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան քաջառողջ վիճակի մէջ:
Այս բոլորէն ետք, մեծապէս ուրախալի է, որ յարգելի բժիշկը ինքզինք հանգստեան կոչելու բնաւ նպատակ չունի, այլ արտասահմանեան մեր մամուլին մէջ յարատեւօրէն կը փայլի իր կենսապարգեւ յօդուածներով: Ու կասկած չունիմ որ «Բժիշկին Գ. Խօսքը»ն ալ, եթէ ապրիմ, պիտի տեսնեմ ու լայնօրէն օգտուիմ անկէ…
Հուսկ ուրեմն, սրտի այս երկու խօսքս չեմ կրնար աւարտել, առանց ջերմ շնորհակալութիւններս յայտնելու յարգարժան բժիշկին, համահաւասար չափով նաեւ իր արժանաւոր կողակիցին՝ տիկին Էլոյին, իր հայ կնոջ վայել անսահման համբերութեան եւ զրկանքներու յօժարելուն համար: Վարձքերնիդ կատար: