«Այսօր Մենք Կարօտը Ունինք Խօսքի Ուժին, Խօսքի Հսկայ, Ներշնչող Ուժին».
Կարօ Յովհաննէսեան
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 25 Մարտի երեկոյեան ժամը 8:30ին, յիշատակի յատուկ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նուիրուած՝ ՀՅԴի ղեկավար գործիչներէն, հասարակական վաստակաւոր գործիչ, մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, միութենական պատասխանատուներու, կուսակցականներու եւ ազգայիններու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկը խորհրդանշական յատուկ հմայք մը ունէր: Մեծարեալ տոքթ. Փափազեանի մեծադիր նկարի կողքին, բեմին կեդրոնը զետեղուած էին երկու հատուածներ անոր իմաստալից պատգամներէն: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ իր՝ տոքթ. Փափազեանի ձայնով. ան իր երբեմնի ազգայնաշունչ մէկ ճառախօսութեան հատուածին վերասփռումով հանդիսատեսները փոխադրեց գաղութի երբեմնի տխուր, բայց աշխոյժ ու ազգայնաշունչ գործունէութեան օրերը, լիբանանեան պատերազմի թոհուբոհին մէջ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Փափազեան մարդը, կուսակցականը, կրթական մշակը, խմբագիրը, թատերասէրն ու բժիշկը:
«Կուսակցական, մշակութային, միութենական եւ հանրային կեանքի գործունէութեան մէջ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի ներկայութիւնը իր ինքնուրոյն տեղը ունէր: Ան տեսակ մը առիթ կը ստեղծէր, հոգիներ կը փոթորկէր:
Բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մը ըլլալով հանդերձ, խիստ ու ծայրայեղ մտաւորական մըն էր, որ սակայն համեստ ու ազնիւ էր: «ՀՅԴ ԼԵՄի եւ ԶՈՄի դաստիարակչական դասախօսութիւններէն, Սասնոյ ապստամբութեան ու Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի նուիրուած ժողովրդային հաւաքներէն մինչեւ թատերական քննարկումները, անցնելով «Ազդակ»ի եւ «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածները, հասնելով մինչեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տարեվերջի հանդիսութիւններու իր խօսքերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ իրար կապուած ու զիրար ամբողջացնող անքակտելի շղթայ մը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան տենչերու իրականացման մարտահրաւէրներուն: Դաշնակցականի իր խիզախ գրիչէն մինչեւ իր բոլոր պարտականութիւնները ինքնաբաւ ու անթերի ընելու ձգտումով՝ անզուգական եւ ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր ան: Առաջնորդի տիպար էր ամէն բանէ առաջ, այդպէս ալ գործեց իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան», ըսաւ Յակոբ Լատոյեան՝ վեր առնելով նաեւ տոքթ. Փափազեանի նկարագրային նախասիրութիւնները. «Դասականի հաւատացող, միեւնոյն ժամանակ նորարարութեան միշտ «բաց» եղող տոքթ. Փափազեան իր շուրջ կը համախմբէր երիտասարդ տարրեր, որոնց համար օրինակելի անձնաւորութիւն մըն էր ան: Անոր Պուրճ Համուտի դարմանատունը, դարմանատունէ աւելի խմբագրատուն էր, շատ անգամ՝ թատերական ընթերցումի վայր, ուրիշ անգամ՝ դասական երաժշտութեան «սթիւտիօ», երկրորդականի ծրագիրի մշակման «վերնատուն», կուսակցական տագնապներ արտայայտող կեդրոն», շարունակեց Լատոյեան եւ աւելցուց. «Այո՛, գերազանցապէս խճողուած, կուսակցական այս մտաւորականը, ուր որ ալ մուտք գործէր, հոն իր դրոշմը կը ձգէր: Բոլորս ալ կը յիշենք 1988ին, Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած հրապարակային իր զգայացունց խօսքերը, թատերական քննարկումի «բախումներ»ը՝ Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղին մէջ»:
Անդրադառնալով անոր կուսակցական եւ գրական վաստակին՝ Լատոյեան ըսաւ. «1977ին «Դրօշակ»ի մէջ կ՛ընթերցենք լիբանանահայութեան կարեւորութեան մասին իր յօդուածաշարքը, «Փարոս»ի հրատարակումը, թատերական դպրոցի հիմնումը:
Օրուան բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան, որ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց Բաբգէն Փափազեանի վաստակաշատ գործունէութեան զանազան մարզերը՝ ընդգծելով տոքթ. Փափազեանի նկարագրային յատկանիշները:
«26 Յունուար 1990ին մահացաւ ընկ. տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, քանի մը օր ետք յաջորդեց սաստիկ ռմբակոծումներու վերջին «ռաունտ»»ը, ըսաւ Կարօ Յովհաննէսեան՝ հարազատօրէն փոխանցելով 1990ական թուականներուն գաղութին մէջ տիրող մթնոլորտը:
«Արժեչափերու խախտման այս օրերուն, թող ներուի ինծի, որ այս տողերով կը սկսիմ խօսքս: Ուշացած տուրք մըն է, որ կու տանք մենք այսօր տոքթ. Փափազեանին», ընդգծեց բանախօսը՝ մաղթելով, որ կը նախընտրէր, թէ այս առիթով աւելի հանգամանաւոր մէկը խօսի: Ապա ան նշեց տոքթ. Փափազեանի գործունէութեան յատկանշական փուլերը, ԼՕԽի, «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի, բժշկական թէ թատերական մարզերուն մէջ: Ան յատուկ կարեւորութեամբ թուեց 1978ին, հանրածանօթ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի թատերական փիլիսոփայութեան աշխատասիրութիւնը:
«Տոքթ.ը բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն», շեշտեց Յովհաննէսեան՝ նշելով, որ տոքթ.ին համար խիստ կարեւոր էր՝ օտար լեզու սորվելէ առաջ հայ աշակերտի մայրենի լեզուն սորվիլը: Տօթք.ին ներկայութիւնը, ըստ իրեն, կը նշանակէր, շարժում, սրամտութիւն, ոգի եւ կեանք: Ան «համով-հոտով» կը պատմէր: Յուսահատիլ երբեք չէր գիտեր ան իր նպատակներուն հետապնդման մէջ:
Նշելէ ետք տոքթ. Փափազեանի ներդրումը լիբանանահայ թատերական կեանքին՝ Յովհաննէսեան ըսաւ. «Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ջատագովեց յեղափոխականացման անհրաժեշտութիւնը, խարանեց Դաշնակցութեան ընդդիմադիրները, ջերմ պաշտպանը եղաւ ՀՅԴի վարքագիծին: Դաշնակցութիւնը իր մէջ շեշտաւորուած ջիղ էր:
Տոքթ. Փափազեանի կուսակցական գործունէութիւնը ունի մօտ 55 տարուան կեանք», շարունակեց բանախօսը եւ աւելցուց. «Սկսելով ՀՅԴ ԶՈՄի օրերէն, տոքթ.ը պատասխանատու պաշտօններ վարեց, 1946-1959ին Պաղտատի կուսակցական պատասխանատուներէն էր, տարիներ շարունակ եղած է ՀՅԴ Պաղտատի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, 1960ին գործուղուած է Ամերիկա՝ մէկ տարիով, 1963-1981 եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, 1969-1977ին եղած է վարիչ խմբագիր «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի: 1977-1981ին՝ ՀՅԴ Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի վարիչ: 1955էն մինչեւ իր մահը մասնակցած է ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովներու: Եղած է Պաղտատի «Գոյամարտ»ի խմբագիրներէն:
«Տոքթ. Փափազեան իր ուրոյն դրոշմը ձգած է իբրեւ հրապարակագիր, գործիչ եւ հրապարակախօս: Ան հսկայական աշխատանք տարաւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ դաշնակցական կազմաւորման ամրապնդումին համար: Ան իր մէջ խտացուցած էր երեք մեծ արժէքներ՝ մարդը, հայը եւ դաշնակցականը: Ան ոգի ի բռին դէմ արտայայտուեցաւ քաղքենիացման: Դէմ խօսեցաւ Հայաստանէն ու Միջին Արեւելքէն հայութեան արտագաղթին: Տոքթ.ը գործեց իբրեւ դաշնակցական, ապրեցաւ դաշնակցական ու մեռաւ դաշնակցական: Տոքթ.ը 70 տարեկանին նշանակուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, երբ արդէն 64 տարեկանին մարդիկ հանգստեան կը կոչուէին: Սա կը նշանակէ, թէ ան իր մէջ կը խտացնէր բազմաթիւ կարողութիւններ: Ան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր որակաւոր ուսուցիչներու պատրաստութեան», շեշտեց Յովհաննէսեան եւ աւելցուց. «Մենք կարօտը ունինք խօսքի ուժին, խօսքի հսկայ, ներշնչող ուժին: Մարդուժի պատրաստութիւնը մեր հիմնական աշխատանքը պէտք է ըլլայ, մեր ամէնօրեայ աշխատանքը, մեր հանապազօրեայ աղօթքը, մեր ալֆան եւ օմեկան: Մարդ պատրաստենք, մարդ պատրաստենք, միայն ու միայն մա՛րդ պատրաստենք, կատաղօրէն պէտք է կառչիլ հայութեան, հայ ժողովուրդին, կատաղօրէն հա՛յ ամէն բանէ առաջ», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսէան:
Այս առիթով բեմահարթակի ետին Սիլվա Քիւրքճեան մէջընդմէջ յայտարարեց գեղարուեստական յայտագիրին մանրամասնութիւնները. նախ ելոյթ ունեցան Զաքար Քէշիշեան՝ շուի եւ դոկտ. Թամար Յովհաննէսեան՝ դաշնակ, ներկայացնելով «Տլէ Եաման»ը:
Նմանապէս ելոյթ ունեցան Արմէն Ճենտերեճեան թաւջութակ, Սեպուհ Այնթէպլեան ձեռնադաշնակ, Միքայէլ Աշճեան դաշնակ նուագելով Փետրօ Ալպերթոյի «Ալուչինան»ն:
Իսկ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան ասմունքի ոճով ընթերցեց Լեւոն Շանթի «Նաղաշի ճառ»ը: Աւարտին, Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճաններ ու Տաթեւիկ Արթինեան նուագեցին Շուպերթէն երաժշտական կտոր մը: