
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Մարտ 17ին Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանէն աշակերտներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ անձնակազմի անդամներ մասնակցեցան Սան Ֆրանսիսքոյի «Մըրսի» երկրորդական վարժարանին մէջ կայացած «Սորվելու օր մը» նախաձեռնութեան:
Տարեկան հերթականութեամբ կայացող սոյն ձեռնարկին նպատակն է խորացնել Ողջակիզման եւ ցեղասպանական արշաւներու մասին շրջանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն գիտելիքները՝ շեշտելով ընկերային պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը:
Աշխատանիստերէն մէկուն ընթացքին, «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»ի ուսուցչուհի Կարինէ Փանոսեանը Power point-ի օգտագործումով խօսեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտին մասնակցած իր մեծ հօր յուշերուն մասին: Հաւաքին ներկայ էին 8րդ դասարանի աշակերտ Նայիրի Ալաճաճի ու շրջանաւարտներ Արմէն եւ Ռաֆֆի Սամուրքաշեաններ:
Նաեւ, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի կրթական հարցերու պատասխանատու Սարա Քոհըն խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին՝ կեդրոնանալով Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին վրայ: