
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ուրբաթ, Մարտ 8ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան ելոյթ մը ունեցաւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի միջնակարգի աշակերտներուն առջեւ՝ անոնց խօսելով Հայ Դատի առաջնահերթութեանց մասին ու կեդրոնանալով յատկապէս Արցախի եւ Ջաւախքի հարցերուն ու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարներուն վրայ: