
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի երկրորդականէն 11 աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, Մարտ 8ին Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան այցելեցին: «Ֆերահեան»ի աշակերտները Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած էին՝ մասնակցելու համար «Տիպար ՄԱԿ» ձեռնարկին, եւ այս առիթէն օգտուելով՝ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» այցելեցին ու այդ ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ հաղորդեցին վարժարանի 6-8րդ դասարանի աշակերտներուն, ապա ճաշեցին անոնց հետ: