ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի (ՀՔԱԿԽ, ժողովրդային ձեւով ճանչցուած «Խաչի յանձնախումբ» անունով) տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 23ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Green Hills Golf and Country Club-ի սրահը:
Երեկոյթին ներկայ էին Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան, Յովէլ քհնյ. Օհանեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, վեր. Ճէյմս Գիզիրեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան եւ շուրջ 200 ուրիշներ, որոնք եկած էին քաջալեր հանդիսանալու օրուան ազգային ձեռնարկին:
ՀՔԱԿԽի յանձնախումբը լայն ժողովրդականութիւն վայելող մարմին մըն է՝ կազմուած Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ու շրջակայքը գործող 38 մեծ ու պզտիկ կազմակերպութիւններէ ու միութիւններէ: Սոյն մարմինին գլխաւոր պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել, նիւթապէս ու բարոյապէս, Յուլիս 12, 1997էն ի վեր հայութեան պատկանող ու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած 103 ոտք բարձրութեամբ խաչ-յուշակոթողը:
1997ին կարգ մը ամերիկեան կազմակերպութիւններ դատ բացին Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետութեան դէմ՝ հարց յարուցանելով, թէ հանրային ու պետական հողի վրայ կարելի չէ խաչ ունենալ. բազմաթիւ դատական հայցերէ ետք, դատարանը վճիռ արձակեց՝ «կա՛մ քանդել 103 ոտք բարձրութիւն ունեցող խաչը եւ կամ սեփականացնել»: Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը որոշեց աճուրդի դնել խաչը՝ իր շրջակայ հողամասով: Օրհնութեամբը եւ օգնութեամբը այդ օրերու հայասէր քաղաքապետին, Յուլիս 12, 1997ին Խաչի յանձնախումբը մասնակցեցաւ աճուրդին եւ շահելով զայն՝ տէրը դարձաւ Mount Davidson բլուրին ու խաչին, ուր ամէն տարի Ապրիլ 24ին տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում, Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն հայ նահատակներու հոգիներուն համար, շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն ու կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ:
Առիթով մը կը խոստանամ գրել 1923էն ի վեր այս խաչի գոյութեան շարունակուող ոդիսականը, որ կապուած է նաեւ ԱՄՆի նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթի հետ:
Երեկոյթին առաջին խօսք առնողը եղաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհի Ճիւտի Ճինկիրեանը: Ան իր խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն ու նուիրատուներուն:
Ձեռնակի հանդիսավարն էր դոկտ. Կարօ Միրիկեան: Ան ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը եւ յուշակոթողին հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք՝ հրաւիրեց Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանը, սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու համար:
Ճաշկերոյթէն ետք ցուցադրուեցաւ շատ հետաքրքրական տեսաերիզ մը՝ պատրաստուած յանձնախումբին կողմէ, մասնաւորաբար այս ուրախ առիթով: Տեսաերիզը կը ներկայացնէր հատուածներ՝ խաչին զանազան հանգրուաններէն, ու կարգ մը հանդիպումներ՝ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:
Սան Ֆրանսիսքոյի նախկին քաղաքապետ Ճերի Պրաունի շնորհաւորական ու գնահատական պատգամը փոխանցեց Treasure Island-ի փոխտնօրէն Ռիչըրտ Ռովեդի:
Մեծապէս գնահատանքի արժանի են Մազմանեաններ հայր ու որդին՝ զոյգ ջութակներով, եւ դուստրը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ: Եռեակը ձեռնարկին սկիզբը նուագեց ամերիկեան ու հայկական հիմները, իսկ ձեռնարկի ընթացքին, մէջընդմէջ, նուագեց հայկական ոգի բուրող ժողովրդային ու ազգագրական եղանակներ:
Աւարտին, խօսք առնելով՝ Խաչի յանձնախումբի ատենապետ Չաք Բասքերեան հանրութեան ներկայացուց գործադրուելիք կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս օրինակ՝ բլուրի արահետէն մինչեւ խաչի վայրը ասֆալտապատել եւ մինչեւ խաչ ելեկտրականութիւն հասցնել: Ապա ձեռամբ Չ. Բասքերեանի, գնահատական յուշատախտակներ յանձնուեցան Խաչի յանձնախումբին մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող վարչականներուն ու բարերարներուն՝ Էտուարտ Ասլանեանի, տոքթ. Գրիգոր Սողիկեանի, Սեւակ Գեւրանեանի, իրաւաբան Փօլ Թուրսարգիսեանի եւ վեր. Ճէյմս Գիզիրեանին:
Երեկոն հասաւ իր աւարտին Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»ով: