
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնիոյ Հայագիտական ծրագիրին ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան, Շաբաթ, Փետրուար 2ին տեղի ունեցաւ հայկական երգերու եւ պարերու նուիրուած իւրայատուկ աշխատանիստ մը՝ առաջնորդութեամբ հայրենի մասնագէտ Յասմիկ Յարութիւնեանի, որուն տարեկան դարձած Ֆրեզնօ այցելութիւնները կը նպաստեն քաղաքին մէջ հայ մշակոյթը պահպանելու գործին: