ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին ուսանողները այս տարուան Յունուարէն ի վեր առիթն ունին հետեւելու Վենետիկի համալսարանէն դոկտ. Սոնա Յարութիւնեանի ներկայացուցած դասանիւթերուն, իսկ Փետրուար 25ին, ամբողջ համայնքը առիթն ունեցաւ հետեւելու անոր ներկայացուցած շահեկան դասախօսութեան, որ նուիրուած էր «Հայկական Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» նիւթին:
Դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան Հայագիտական ծրագիրի այցելու դասախօսներու «Գազան» ծրագիրին 10րդ այցելու դասախօսն է:
Դասախօսութեան կիզակէտն էր Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը» վէպը, որուն միջոցաւ, Յարութիւնեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան նիւթը գրականութեան մէջ թափանցելու գործընթացի տարբեր հանգրուաններուն մասին:
Յայտնենք, թէ դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան իր դասաւանդած դասանիւթիւն ընդմէջէն շեշտը կը դնէ բանաւոր պատմութեան կարեւորութեան վրայ, յատկապէս՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային, հետաքրքրութիւն ստեղծելով ուսանողներուն մօտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.