
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ֆրեզնոյի Առաջին հայ երիցական եկեղեցիին մէջ, Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին տեղի ունեցաւ Վարդանանցի համագաղութային տօնակատարութիւնը՝ մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն եւ «Վարդանանց Ասպետներ»ուն:
Ձեռնարկին սկիզբը, Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Համագաղութային հայ վարժարանի աշակերտները երգեցին ու արտասանեցին Վարդանանցի նուիրուած շարք մը երգեր ու բանաստեղծութիւններ՝ գրաւելով ներկաներուն սիրտերը:
Ապա, պատուելի Արա Կէքկօզեան կատարեց բացման աղօթքը, իսկ Վահան քհնյ. Կոստանեան Ս. գրային ընթերցում մը կատարեց՝ շեշտելով մեր նախահայրերուն զոհողութեան կարեւորութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեանը, որ յիշեցուց, թէ քրիստոնեայ մնալու պայքարը միայն պատերազմի դաշտին վրայ կռուող զինուորներուն չէ վերապահուած, այլ անիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ ժամանակաւոր պատուելի Փօլ Ըրուին, որ շեշտը դրաւ հայ մշակոյթը վառ պահելու կարեւորութեան վրայ:
Ամբողջ տօնակատարութեան ընթացքին, շրջանի հինգ եկեղեցիներուն երգչախումբերը միասնաբար ներկայացուցին հայերէնով եւ անգլերէնով շարականներ, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ «Վարդանանց Ասպետներ»ուն հիւրընկալութեամբ: