
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, Կիրակի, Ապրիլ 14ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական համերգ մը կատարողութեամբ երաժշտանոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն:
Բացման խօսքը արտասանեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Անտոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժշտանոցի տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն, որոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին հանդէս գալու այսպիսի բարձրորակ ներկայացումով:
Երաժշտանոցի տնօրէն, հայրենի երաժիշտ Աշոտ Ճենտերեճեան բեմ բարձրանալով, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց երաժշտանոցին մէջ գործող ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան հետեւողական աշխատանքներուն մասին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին՝ իբրեւ մշակութային կեանքի պահպանման հնոց:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան Կարօ Գրիգորեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Կարինէ Կոստանեան եւ Սագօ Հալլաճեան (դաշնամուր), Եսայի Սագայեան (կիթառ), Դալար Մանճեան, Նարէ Աշգարեան, Մարինէ Հալլաճեան եւ Նարօտ Սուրճեան (ջութակ), որոնք ներկայացուցին դասական երաժշտական կտորներ աշխարհահռչակ Վիւալտիէն, Պախէն եւ Խաչատրեանէն:
Ելոյթի աւարտին «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ ծաղկեփունջեր նուիրեց իւրաքանչիւր նուագողի: