
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».- Ապրիլ 24ի սեմին, Ֆրանսայի հայ համայնքը բազմակողմանի աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման գործընթացը սկսելու նպատակով:
Ֆրանսահայերը, տարբեր մակարդակներով, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կոչ կ՛ընեն՝ կատարելու իր նախընտրական խոստումը՝ վաւերացնելու Սահմանադրութեան համապատասխանող նոր օրինագիծ մը: Ֆրանսահայերուն զուգահեռ, Ֆրանսայի մէջ նման գործընթաց սկսելու դէմ լուրջ ջանքեր կը տանին Թուրքիան եւ տեղւոյն թուրքերը:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ Մուրատ Փափազեան կը յայտնէ, թէ Թուրքիա կը փորձէ ճնշումներ բանեցնել Ֆրանսայի իշխանութեանց վրայ, որպէսզի նման օրինագիծ մը չվաւերացուի: «Այս պատճառով, մենք Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ կապի մէջ ենք, կ՛աշխատինք մեր նպատակին հասնելու ուղղութեամբ, բայց չեմ փափաքիր այդ մասին այսօր աւելին ըսել, որովհետեւ գործընթացը տակաւին կը շարունակուի: Քանի մը օրէն ամէն ինչ աւելի յստակ պիտի ըլլայ: Գործին յաջողութեան համար, չենք փափաքիր շատ փակագիծեր բանալ», կը յայտնէ Մուրատ Փափազեան:
Յիշեցնենք, որ կը շարունակուի նաեւ ֆրանսական մշակութային «Հայաստան» միութեան նախաձեռնած ստորագրահաւաքը՝ ուղղուած Ֆրանսայի նախագահին, որով կոչ կ՛ըլլայ անոր կատարելու իր նախընտրական խոստումը՝ իրականացնելով Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը: Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի՝ միայն Վալանսի մէջ կարելի եղած է հարիւրաւոր ստորագրութիւններ ապահովել: Ստորագրահաւաքը կը շարունակուի Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ: