
Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին Լոնտոնի մէջ բացուեցաւ Գիրքի համաշխարհային տօնավաճառը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի շարք մը հրատարակիչներ:
Հայկական ներկայութիւնը հնարաւոր դարձած է Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ու Լոնտոնի մօտ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ հայկական տաղաւարի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, որուն ըմթացքին ելոյթ ունեցան Լոնտոնի մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Մարգարեան, բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի գործադիր նախագահ Վիգէն Հալաճեան, ինչպէս նաեւ հրատարակիչներ ու համայնքային այլ գործիչներ:
Գիրքի համաշխարհային տօնավաճառը տեւեց մինչեւ Ապրիլ 17: