ԹԻՖԼԻՍ.- Շաբաթ, Ապրիլ 13ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ բացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին նուիրուած «Հայոց Գողգոթա» խորագիրով ցուցահանդէսը: Անիկա կազմակերպուած էր Վրաստանի Հայ նկարիչներու միութեան եւ Ջաւախքի երիտասարդ նկարիչներու ընկերակցութեան կողմէ՝ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի հոգաբարձուներու խորհուրդի, Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ:
Ցուցահանդէսին իրենց գործերը ներկայացուցած էին Թիֆլիսի, Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ ծնունդով Վրաստանցի, բայց ներկայիս Հայաստանի մէջ գործող նկարիչները:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարելով՝ Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսին մասնակցած շուրջ 35 ստեղծագործողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են եւ ցուցասրահին մէջ տեղ գտած շուրջ 60 կտաւները գոյներու միջոցով արտայայտուած իրենց ցասումն է, արդարութեան եւ հատուցման պահանջը անմեղ նախնիներու տառապանքներուն եւ դաժան նահատակութեան նկատմամբ:
Վրաստանի «Հերակլ Երկրորդ» կազմակերպութեան ղեկավար Արչիլ Ճկվիձեն, ողջունելով ցուցահանդէսին կազմակերպումը, խոնարհեցաւ ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին առջեւ, կոչ ընելով Վրաստանի իշխանութիւններուն՝ յարգել հարեւան քրիստոնեայ ժողովուրդի ցաւը, ճանչնալ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ յուշարձան մը կանգնեցնել զոհերու յիշատակին:
Իրենց բողոքը միջազգային հանրութեան անարդար եւ անտարբեր վերաբերումին նկատմամբ արտայայտեցին գրող-թարգմանիչ Գիւի Շահնազարը, Վրաստանի նախագահի խորհրդական, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեանը, բեմադրիչ Միքայէլ Գրիգորեանը եւ պատմաբան Ենոք Թադեւոսեանը:
Այնուհետեւ դասական եւ հոգեւոր երգերու կատարմամբ հանդէս եկան «Հայարտուն» կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» աւագներու երգչախումբը, Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ երգչախումբը, հնչեցին մեղեդիներ տուտուկահար Վանօ Մկրտչեանի եւ դաշնակահար Կարէն Միրզոյեանի կատարմամբ:
Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր մասնակիցներուն:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 30:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.