
Շաբաթ, 13 Ապրիլի երեկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս հանդիպում տեղի ունեցաւ Պոնտոսցիներու համահելլէնական միութեանց ղեկավարութեան հետ:
Ներկայ էին Համահելլէնական պոնտական դաշնակցութեան նախագահ Եորղոս Փարխարիտիս, Հարաւային Յունաստանի եւ կղզիներու համապոնտական միութեանց նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս եւ միութեան ընդհանուր քարտուղար Է. Խաւուծիտու: Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպումին մասնակցեցաւ քառանդամ պատուիրակութեամբ, յանձինս Դաւիթ Պետրոսեանի, Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանի, Խաչիկ Ապարեանի եւ Յակոբ Աւագեանի:
Քննարկման նիւթ դարձան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յառաջիկայ ծրագիրներու կազմակերպման գծով եւ լայնօրէն ուսումնասիրուեցան միացեալ ջանքերով ապագայի նախաձեռնութիւններ եւ համագործակցութիւններ: Պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչները մեծապէս գնահատեցին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Պոնտական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ: Անոնք խնդրեցին նոյն աջակցութիւնը ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պոնտական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու գործին մէջ եւս:
Հայ Դատի յանձնախումբը հաւաստիացուց, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցը շատոնց արդէն նախաձեռնողը եղած է Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս Պոնտական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: