ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացնելու եւ աղօթքի ճամբով Անոր օգնութեան դիմելու օրինակելի արարքին մէջ եւս մարդիկ կրնան Աստուծոյ բարկութիւնը եւ յաւիտենական դատապարտութիւնը հրաւիրել իրենց վրայ:
Մարդ էակին ամէնէն վայրի գազանը ըլլալուն մասին ուրիշ առիթով արտայայտուած ենք, սակայն այս հանգրուանին Աստուծոյ հետ այդ գազանաբարոյ վարքը բաժնելու մասին պիտի խօսինք:
Աղօթքը ցարդ ճանչցուած է իբրեւ հաղորդակցութեան միակ կապը Աստուծոյ հետ, նաեւ բարի հայցուածներու իրականացման ամէնէն զօրաւոր ազդակը: Այս ամբողջ նախադասութեան մէջ շեշտադրելի հիմնական բառը՝ «Բարի»ն է, որ նաեւ Աստուծոյ տրուած ստորոգելիներուն գլխաւորներէն մէկն է:
Աստուած չարին չի՛ կրնար ընկերակից դառնալ, որովհետեւ ատիկա Իր վեհ բնութեան հակառակ է, ինչպէս նաեւ չի՛ կրնար ուրախակից ըլլալ անոր, որուն միտքը, խօսքերն ու գործերը չար են:
Տգիտութեան սահմանները գծուած են արդէն քաղաքակիրթ եւ լուսաւորեալ այս դարուն: Կրթութեան ու մանաւանդ բարձրագոյն ուսման ու գիտութեան այսքան յառաջադէմ ու դրութենականացած իրավիճակը արդէն ինքնին վկայութիւն է այդ մասին: Ուստի, այլեւս չկայ վարագոյր, որուն ետին կարենայ պահուըտիլ տգիտութիւնը:
Բարձրագոյն ուսման տիրացած եւ կեանքի փորձառութեամբ հարուստ մարդը կ՛ըսէր. «Երրորդ նախադասութիւնը երբ փոխանակեմ մէկուն հետ, կրնամ գիտնալ անոր ուսման մակարդակը կամ ընտանեկան դաստիարակութեան արժեչափը»:
Այսօր ո՛չ միայն քաղաքակիրթ աշխարհէն ներս, այլ նաեւ որոշ չափով երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ սկսած են գործի ասպարէզէ ներս ընդունելու համար՝ չափանիշ ճշդելու: Նոյնիսկ երկրորդական մակարդակի գործերու պարագային համապատասխան վկայականներ, կամ արհեստագիտական ուղեցոյց դպ-րոցներու վկայագրեր կը պահանջուին թեկնածուներէն, գործի լաւ արդիւնք ապահովելու համար: Այս է ներկայ աշխարհի ընթացքը, ուրկէ դուրս կը մնան տգէտներ:
Սակայն, դժբախտ իրականութիւնը այն է, որ անոնք չեն հրաժարիր ներկայ աշխարհի չափանիշերուն համապատասխան չըլլալու արգելքներէն եւ անպայման կը փնտռեն իրենց համար աշխատանքային գետին, հաւաքական կեանք, ուր սակայն զարգացած մարդիկ չկարենան իրենց վրայ իշխել: Այլ՝ նման դրութիւններ կը ստեղծեն, յստակ նպատակ ունենալով ղեկավար դառնալու եւ իրենց նման ամբոխները առաջնորդելու սին հպարտութիւնը:
Իշխանութեան այս գետիններէն ամէնէն յարմարը հոգեւոր գետինն է: Այսօր, յատկապէս ազատ երկիրներու պայմաններէն օգտուող նման շարժումներ, «Աստուծոյ փառաբանանք» անունին տակ, ամբոխներ կը ղեկավարեն կոյր զկուրայն: Աղօթքը, փառաբանանքը, գոհաբանութիւնն ու երգը իրենց այլակերպութիւնները կ՛ապրին, երբեմն զԱստուած տանելով հոն՝ ուր Ան պիտի չուզեր երթալ…:
Այս հաւաքներուն մեծամասնութիւնը հոգեւոր ուրախութեան կամ մինչեւ իսկ հոգեւոր «գինովութեան» առաջնորդած է բազմութիւններ, որոնք տգէտ ղեկավարի մատնացոյց ըրած ճամբով ինքնավստահ քալած են:
Առաւել դժբախտութիւն է այն պարագան, երբ անոնցմէ ոմանք յաջողած են նոյնիսկ խաբել եկեղեցական իշխանութիւնը, շահագործելով զայն իրենց նպատակներուն համար:
Աղօթքի բնոյթին մասին ակնարկութիւն պիտի չընենք այստեղ, ինչքան ատոր նիւթին, բովանդակութեան, որ իբրեւ բարի ըղձանք պէտք է բարձրանայ առ Աստուած, մաքո՛ւր սրտէ ու հանդա՛րտ խղճմտանքով:
Անհեթեթութիւն է աղօթքը վերածել ուրիշներու կործանումին, քանդումին, ոչնչացման ու չքացման մաղթանքներու: Արդէն աղօթք կարելի չէ՛ կոչել այդ: Ատիկա հոգեւոր հաւաքոյթ ու աղօթաժողով ալ կարելի չէ՛ կոչել, երբ հաւաքապէս կը կատարուի այդ մաղթանքներու մատուցումը, այլ՝ դիւային շուրջպար, որուն նպատակը բարի չէ՛, ո՛չ ալ արդիւնքը՝ դրական:
Կը պատմուէր, թէ նման հաւաքներէն մէկուն ընթացքին խումբի տգէտ ղեկավարը նախ յայտարարութեամբ եւ ապա սրտաբուխ գոհաբանական «աղօթք»ով հանդէս կու գար, փառք տալով Աստուծոյ, որ «լսելով» իրենց «աղօթք»ը, կործանած էր այսինչ անձին ընտանիքը:
ԶԱստուած այս չար խաղին ու տգէտ կատակին մէջ ներառելուն ինչպիսի՞ դատապարտութիւն կը սպասէ, մեզի ծանօթ չէ՛: Սակայն, յստակ է թէ՝ նման խաղարկութիւններ, սովորական դատարաններու մէջ ծանր պատիժներով կը հատուցուին: Օրինակ, երբ մէկը փորձուի դատաւորը իր ոճրապարտ արարքին մեղսակից ցուցնել: Կամ՝ երբ մէկը փորձուի անմեղ եւ կատարուած ոճիրին հետ բնա՛ւ կապ չունեցող մարդիկ ներքաշել ու անոնց վրայ բարդել իրենց յանցանքը:
Իսկ նման յաջողութեան հետեւող ցնծութիւնը կարելի՞ է «ուրախութիւն» կոչել, ու մանաւանդ՝ «Հոգեւոր ուրախութիւն», որ յատուկ է երկնային աննիւթեղէն գոյութիւններուն՝ հրեշտակներուն, որոնք ամէն վայրկեան պար բռնած, հոգեւոր անվախճան ուրախութեամբ կը թռչին Աստուծոյ գահին դիմաց: Ինչպէ՞ս նոյնացնել նման իրավիճակը, ուրիշը քանդած ըլլալու դիւային ուրախութեան հետ, որուն քրքիջներու ձայնը եօթներորդ գետնայարկի սանդարամետէն կու գայ այնքա՜ն բարձրաղաղակ:
Աստուած մարդու ձեռքին մէջ խաղալիք չէ՛: Կարելի չէ՛ զԱյն մասնակից դարձնել նոյնիսկ բարի մեր արարքներուն: Միայն շնորհակալութիւն կարելի է յայտնել Անոր մեծ ողորմածութեան ու բարերարութեան, մեր կեանքի ընթացքին պատահող երեւոյթներուն համար, որոնք Իր ամենատես աչքին առջեւ կը կատարուին, երբեմն մեր կամքէն անկախաբար:
Համոզուեցանք, որ ամենայն դժբախտութեանց մայրը՝ տգիտութիւնն է, ու մանաւանդ տգէտին պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու ողբերգութիւնը: շրջապատը քնացնելու ճարտարութիւնը, անցնող դարերու վարպետութիւններէն էր, որ այսօր սովորական փորձաքարի զարնուելով արդէն կը պարզաբանուի:
Սակայն, նման անձերու դատապարտութիւնը աւելի՛ կրնայ ծանրանալ այն պատճառով որ, բազմաթիւ այլ տգէտներու առաւե՛լ տգիտացման պատճառ կը հանդիսանան: Այդպիսիներուն արիւնը տգէտ ղեկավարներու ձեռքէ՛ն պիտի պահանջէ Աստուած: Իսկ թէ ի՞նչ պատիժ կը սահմանուի զԱստուած խաղի մէջ առնելու եւ Անոր սուրբ անունը շահարկելու սադայէլական մտածումին համար, ինչպէս ըսինք, մեզի դեռ ծանօթ չէ՛:
Հոգեւոր ուրախութեան նման երջանիկ պահ ու գերագոյն հրճուանք ապրիլ, իսկապէս երանութիւն է եւ այնպիսի զգացում, որ հրեշտակային բնութեան հետ հաղորդութեան ապրումը կրնայ տալ: Սակայն, այդ ցնծալից պահուան վիճակը տգիտութեան պատճառով վերածել խեղկատակութեան ու սատանայական ծիծաղի, մեծ յանցանք պէտք է նկատել, որուն պատիժը, երրորդ անգամ ըլլալով կը կրկնենք՝ մեզի դեռ ծանօթ չէ՛:
Հոգեւոր ուրախութեան աղբիւրը Աստուած ըլլալով, այդ հոգեւոր ուրախութեան նիւթը ու պատճառը բնականաբար մարդ էակին բարօրութիւնն է, երջանկութիւնն է, որուն բաժնեկից դարձող մարդը միայն կրնայ արժանաւորապէս ուրախանալ, ու գոհաբանական աղօթք վերառաքել առ Աստուած: