
ԵՐԵՒԱՆ.– 22 Ապրիլին Տաւուշի մարզի Դիտաւան գիւղին մէջ կայացաւ նորակառոյց երկյարկանի դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Դպրոցը կառուցուած ու կահաւորուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ՝ Հիմնադրամի «Բարերար անդամներ» Արմէն եւ Նատիա Էքսերճիեան ամուսիններուն հովանաւորութեամբ: Անոնց կողմէ հիմնադրամին նուիրաբերուած աւելի քան 300 միլիոն դրամի շնորհիւ գիւղը այսօր ունի ըմպելի ջուր, կազ, համայնքային կեդրոն եւ դպրոց:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի փոխվարչապետի, Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Գէորգեանը, Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանը, «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանը, բարերար ընտանիքը՝ զաւակներուն եւ թոռներուն հետ: Դիտաւանցիները աղ ու հացով դիմաւորեցին հիւրերը: Կարմիր ժապաւէնը կտրելու պատիւը տրուեցաւ «Դիտաւանի պատուաւոր գիւղացիներ» կոչման արժանացած Էքսերճիեան ամուսիններուն։
«Տէր եւ տիկին Էքսերճիեանների շնորհիւ Դիտաւանն այսօր զգալիօրէն բարւօք վիճակում է: Պահպանէք այն ինչ ձեռք բերեցիք այս մեծահոգի ընտանիքի եւ նրանց առատաձեռն նուիրատուութիւնների շնորհիւ, իսկ մենք կ՛անենք հնարաւորը, որպէսզի թեթեւանան ձեր հոգսերը», ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը:
«Ո՞վ կը մտածէր, որ մի օր մեր գիւղ կ՛այցելեն Էքսերճիեան ամուսինները եւ այսքան կը փոխուի մեր կեանքը: Հպարտ ենք, որ նման մարդիկ են կանգնած մեր կողքին», իր երախտագիտութեան խօսքին մէջ յայտնած է դպրոցի տնօրէն Արմէն Հախվերդեանը: Համայնքին անունով շնորհակալական խօսք արտասանած է նաեւ համայնքի նախկին ղեկավար Յակոբ Սարիբեկեանը, որ բարերար ընտանիքին նուիրեց իր տնամերձ հողատարածքը:
Շուրջ 300 բնակիչ ունեցող համայնքը ունի 30 դպրոցահասակ երեխայ: