
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական», «Ազատութիւն».– «2015թ. ընդառաջ՝ կա՛մ պէտք է հրաժարուել հայ-թուրքական արձանագրութիւններից, կա՛մ վաւերացնել այնպիսի մեկնաբանութեամբ, որով ստորագրուեցին նախագահի կողմից». 23 Ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը՝ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մասին:
Ան չբացառեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ Թուրքիան վաւերացնէ հայ-թրքական արձանագրութիւններէն մէկը՝ այդպիսով ապտակ հասցնելով հայկական դիւանագիտութեան:
«Այն մէկը, որի մէջ գործադրութեան ժամանակացոյցը չկայ: Այսինքն, այն մէկը, որտեղ կան որոշ խնդրայարոյց հաստատումներ եւ որը Թուրքիայի համար յատուկ հարց չի բարձրացնի, ընդհակառակը՝ Հայաստանին կը դնի բաւական դժուարին կացութեան առջեւ, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ այսօր ասել են՝ երբ Թուրքիան վաւերացնի, մենք էլ կը վաւերացնենք», նշած է ան։
Որպէսզի Հայաստանը խուսափի նման վտանգէ, Դաշնակցութիւնը վերջերս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին առաջարկած է վերցնել Հայաստանի ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն: Հայաստանի նախագահը մերժած է՝ պնդելով, որ անիկա Հայաստանի համար վտանգ չի ներկայացներ։
Մանոյեանի կարծիքով, Թուրքիան, սակայն, «առաջուանը չէ, այն ճկուն է դարձել»:
Ըստ անոր, ճանաչման գործընթացը կարելի է աւարտած նկատել. ժամանակն է բարձրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռք բերման հարցը: «Իրականում կարելի է համարել Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլն արդէն անցած՝ եթէ խօսքը վերաբերում է միջազգային համայնքի կողմից ճանաչումին: Դրա համար էլ Դաշնակցութեան մօտեցումը այն է, որ արդէն մենք պէտք է բարձրացնենք մեր իրաւունքների եւ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը»:
Բանախօսը փոխանցած է, որ այս ուղղութեամբ իրենք պիտի հրապարակեն ուսումնասիրութիւն մը, որ պիտի դրուի հանրային քննարկման տրամադրութեան տակ, եւ հասարակութեան տարբեր շերտեր իրենց կարծիքը յայտնելու կարելիութիւն պիտի ունենան:
«Այդ ուսումնասիրութեան մէջ կայ հատուցման երեք մակարդակ՝ տարածքային իրաւունքներ, հաւաքական ազգային ունեցուածքի հատուցում եւ անհատական հատուցում: Անհրաժեշտ է չսպասել Թուրքիայի կողմից որեւէ քայլի, այլ սկսել բարձրացնել հատուցման հարցը», նշած է Մանոյեան։
Ան այնքան ալ կարեւոր չնկատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ հայութեան ակնկալած եզրի գործածութիւնը. «Կ՛ասի՝ լաւ, չի ասի՝ էլի ոչինչ, նրա չասելն աշխարհի վերջը չէ»:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին՝ Մանոյեան յայտնած է, որ 2015ը ոչինչի վերջն է, աւելին՝ սկիզբն է: Անոր համաձայն, պէտք է անիկա ըլլայ իրաւունքներու ձեռք բերման սկիզբը: «2015ը պէտք չէ լինի հանդէսների կազմակերպման շարան, այլ լուրջ գործընթացի սկիզբ, իսկ մինչեւ 2015թ. ձեւաւորուած յանձնաժողովը պէտք է պատրաստի բազմակողմանի անելիքների իրաւական թղթածրարը, որը դեռեւս արուած չէ»: Կիրոյեանի համաձայն, յանձնաժողովը կրնայ աւելի աշխոյժ կերպով աշխատիլ, առաւել յաճախակի նիստեր գումարել, որպէսզի աշխատանքը շատ աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ:
Անդրադառնալով Թուրքիայէն եկող արձագանգներուն՝ Կ. Մանոյեան յայտնած է, որ մինչեւ 2015 Թուրքիոյ մէջ առկայ կ՛ըլլայ լուրջ մտահոգութիւն, թէ ինչ պիտի ընեն Հայաստանի մէջ, ինչ քայլեր պիտի առնուին, որպէսզի իրենք իրենց կարգին փորձեն չէզոքացնել այդ քայլերը։
Կիրօ Մանոյեան նաեւ դիտել տուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ խորքին մէջ կան քիչ թիւով խումբեր, որոնք մեր դատին նկատմամբ արդար եւ անկողմնակալ են, այսինքն ոչ միայն կը տեսնեն Թուրքիոյ մեղքը, այլ նաեւ կ՛ընդգծեն արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: «Մենք պէտք է աջակցենք նման խմբերին: Կան նաեւ բազմաթիւ խմբեր, որոնք ունեն պետական քաղաքականութիւնից տարբերուող դիրքորոշում, սակայն նրանք փորձում են Թուրքիային հնարաւորութիւն տալ խուսափել ճնշումներից», յայտնած է Մանոյեան։